Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Նախագահեց, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ 40-ամեակին առիթով, կազմակերպուած համերգին։
«Ազնաւորեան», «Բարիքեան» եւ Սարկաւագաց դպրաց դասերը կոկիկ յայտագիրով մը ներշնչեցին ներկաները։
Աւարտին, Առաջնոր Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն։ Նախ փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ իր առատ ողորմութիւնն ու օրհնութիւնը կը տեղացնէ ժողովուրդին վրայ։ Ապա, գնահատեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւներն ու Հոգաբարձութեան անդամները եւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը։
«Անթառամ ծաղիկով, մեծացուսցէներով, վառանիմքով մեր երգչախումբերը մեզ ներշնչեցին ու պատրաստեցին գալիք մեծ տօնին՝ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։