Ուրբաթ 4 Ապրիլ, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Վանքուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս տեղիունեցաւ Խաղաղական եւ Հսկումի ժամերգութիւն։ Ժամերգութեան ներկայ էր Թեմիս Բարեջան ԱռաջնորդԳերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եւ Առաջնորդարանիս Ազգային Վարչութիւնը եւ եկեղեցւոյհոգաբարձական կազմը։ Ժամերգութեան աղօթակից դարձաւ նաեւ Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւԱրժանապատիւ Տէր Գեղարդ Աւագ Քհն. Կարապետեանը եւ հաւատաւոր ժողովուրդը։ Օրուան պատգամըփոխանցեց գաղութիս զաւակ Տիար Ճործ Ճէպէճեանը, շեշտելով Հաւատոյ հանգանակին մէջ Կիրակնօրեայդրութեամբ պատարագի ընթացքին արտասանուած Ս. Հոգւոյ Աստուածային ներգործումին եւպտղատուութեան մասին մեր կեանքերէն ներս։ Աւարտին եկեղեցւոյս Լազարեան սրահէն ներս «ԱրշաւիրՇիրակեան»ի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպած էր ընթրիք-հիւրասիրութիւն ի պատիւ ՍրբազանՀօր, Ազգային Վարչութեան եւ հաւատաւոր ներկաներուն։

PRELATE-IN-VANCOUVER-1

Image 3 of 4