Շաբաթ, 17 Յունիս 2023-ին, Անկլիքան Եկեղեցւոյ Մոնթրէալի Առաջնորդ՝ Մէրի Եպիսկոպոս Իրուին-Կիպսընի հրաւէրով, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանի մասնակցեցաւ Անկլիքան Եկեղեցւոյ Սինոտի տարեկան ժողովին։
Ժողովի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց Սինոտի անդամներուն եւ անդրադարձաւ խտրականութեան մասին, որ օրուան գլխաւոր Թեման էր։