Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» Դահլիճէն ներսհիւրընկաելց Ազգային Վարչութեան նախկին ատենապետները։

Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր եւ ազգային վարչութեան անդամներ։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ատենապետներուն եւ իր գնահատանքը յայտնեցանոնց ունեցած նուիրումին ու կատարած աշխատանքին համար։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, ներկաները զրուցեցին իրար հետ, փոխանակեցին իրենց յուշերն ուփորձառութիւնները եւ մանաւանդ արծարծեցին ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց դիմացկատարուելիք աշխատանքներուն մասին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իւրաքանչիւր ատենապետի նուիրեց Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի«Հաւատով Խոստովանիմ» բազմալեզու աղօթագիրքը։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

BOARD-OF-TRUSTEES-1

Image 1 of 3