Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2020-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եղաւ Վանգուվըրի հայ համայնքին հետ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցեց, Թարգմանչաց վարդապետաց եւ Գոհաբանութեան տօնին առիթներով իր պատգամը փոխանցեց եւ աւարտին, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ Արցախի մեր մարտիկներուն եւ քաջարի հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան համար։

            Ս. խորանին սպասարկեց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Շխըրտըմեանը: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան եկեղեցւոյ մօտ ներկայացուցիչ Պրն. Յակոբ Տէր Յակոբեան, Ազգային երեսփոխաններ ու եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց միութեան անդամներ:

            Իր հոգեւոր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին անդրադարձաւ Գոհաբանութեան տօնի իմաստին ու Աստուծոյ երախտապարտ ըլլալու կարեւորութեան մասին, այնուհետեւ, շեշտը դնելով Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց կտակին ու վաստակին, նշեց, որ Սրբազան թարգմանիչներն իրենց լայն գործունէութեամբ նպաստեցին Հայոց աշխարհի հոգեւոր եւ մշակութային զարթօնքին: Անոնք ազգային մեր գոյապայքարի ռահվիրանները դարձան, հսկայական աշխատանք կատարեցին եւ մեզի կտակեցին հայ ժողովուրդի ինքնութեան եւ գոյատեւման ամէնէն ազդու ու հզօր զէնքը, որուն երաշխիքը եղաւ այս օրերուն Արցախի մէջ պայքարող իւրաքանչիւր հայ զինուոր, որոնցմէ շատեր արժանի դարձան երկնաւոր պսակին եւ ուրիշներ տակաւին հերոսաբար կը կռուին յանուն հայ ազգի ու հայրենիքի գոյատեւման։ Ան նշեց, որ ինչպէս Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան ծնունդը՝ 28 Մայիս 1918-ը ձեռք բերուեցաւ երկունքով ու անհաւասար պայքարի մէջ շահուած յաղթանակներով, որ պայմանաւորուած էր հայ ժողովուրդի ու ղեկավարութեան միասնութեամբ ու միացեալ ճիգերու պրկումով, այնպէս ալ այսօր առաւել եւս կարիքը ունինք միասնութեան՝յանուն հայրենիքի ու աշխարհասփիւռ հայութեան հզօրացման ու պայծառութեան, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած, որպէսզի անվտանգ պահէ մեր անկախ հայրենիքը, հզօրացնէ մեր հողերուն ու սահմաններուն պաշտպանները՝ բանակն ու զինակից ազատամարտիկները, եւ մեր պետութեան ղեկավարներուն պարգեւէ իմաստութիւն ու կարողութիւն՝ մեր հայրենիքը առաջնորդելու եւ ամրակուռ պահելու համար: «Իբրեւ սփիւռքահայեր, մեր պարտականութիւնն է նիւթապէս ու բարոյապէս զօրակցելու մեր զինուորներուն, եւ համայն աշխարհին տեղեկացնելու, որ  մեր դատը արդար է ու իրաւական, իսկ թշնամին նենգաբար կը ոտնահարէ մարդկային իրաւանց բոլոր դրոյթները», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ապա, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ հայ զինուորին, Հայոց բանակին, կամաւորներուն ու Արցախ աշխարհի եւ Հայաստանի խաղաղութեան ու հզօրութեան համար։

            Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամները, ապա, սրբեց ու օրհնեց արուեսգաէտ Զոհրապ Քըմքըմեանի ստեղծագործած սրբապատկերը:

            Նոյն օրը առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց ՀՅԴ Վանգուվըրի «Սողոմոն Թեհլիրեան» Պատանեկան Միութիւն եւ ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ վարժարան, եւ խօսեցաւ քրիստոնէական դաստիարակութեան, ինքնութեան պահպանման ու ազգային-եկեղեցական կեանքին հետ կապուած մնալու կարեւորութեան մասին: