Ուրբաթ, 8 Մարտ 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշանորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանէն ժամանած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Պարոն Զաքար Քէշիշեանի։
Այցելութեան ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Թամար Շահինեանը։
Հանդիպման աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յուշանուէր մը յանձնեց Պարոն Քէշիշեանին։