Անցնող շաբաթ, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց այցելութիւնը՝ Գանատայի մէջ Միջին Արեւելքի ԵկեղեցիներուԽորհուրդի պատուիրակութեան։
Պատուիրակութեան անդամներն էին՝ Խորհուրդի ատենապետ՝ Պարոն Փիէր Շամմասը, ատենադպիր՝Դոկտ. Ռաուֆ Այասը եւ խորհրդական՝ Պարոն Ալէն Քաատէն:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Թեմիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան՝ Միջին Արեւելքը յուզող հարցեր, Հայաստանի եւ Արցախիառընչուած մտահոգութիւններ, Միջին Արեւելքի տարածաշրջանային խաղաղութեան հեռանկարները։
Հանդիպումը միջոց մըն էր երկկողմ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ համագործակցութեանմիջոցներ մշակելու:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ


