Երեքշաբթի, 8 Օգոստոս 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Քէպէգի Խորհրդարանի Անդամ՝ Տիկին Սոնա Լախոյեան-Օլիվիէն։ Ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Քէպէգ Նահանգին հետ առընչուած նոր օրէնքներու մասին, ինչպէս նաեւ Հայ Գաղութին մասնակցութիւնը քաղաքական դաշտին մէջ։
Այս առթիւ, Տիկին Լախոյեան-Օլիվիէ, իր գրասենեակին անունով 2500 տոլարի նպաստ մը փոխանցեց՝ Ազգային Առաջնորդարանին։