Չորեքշաբթի, 20  Նոյեմբեր 2019-ի յետ միջօրէի ժամը 4:00-ին,Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, հրաւէրով` Գերաշնորհ Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանի՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու Հոգեւոր Առաջնորդ, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ռազմական  Օդագնացութեան Համալսարան, ուր հիւրընկալուեցաւ Զօրավար-Հազարապետ Դանէիլ Կիմի Բալայեանի եւ Գնդերէց Տ. Սիմէոն Քհնյ. Մովսէսեանի կողմէ։

 

Վերոյիշեալ այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու Հոգեւոր Առաջնորդութեան եւ Հայաստանի Աստուածաշնչական Ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած էր հանդիսութիւն մը, ուր Ընկերութեան կողմէ Ծրագիրներու Տնօրէն՝ Պրն. Արշաւիր Գաբուճեան, Համալսարանի Գրադարանին եւ ուսանողութեան նուիրեց Աստուածաշունչեր եւ եկեղեցագիտական գրականութիւն, որպէսզի ընթերցեն եւ առաւել հաւատքով ծառայեն, որպէս արհեստավարժ զինուորներ հայրենիքը անվտանգ պահելու համար։

 

Խօսք արին Զինուած Ուժերու Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ռազմական  Օդագնացութեան Համալսարանի Զօրավար-Հազարապետ Դանէիլ Կիմի Բալայեանի։ Ապա, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս հրաւիրուեցաւ իր օրհնութիւնը փոխանցելու զինուորներուն։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Դուք առաքելութեան մը կոչուած էք եւ այդ կոչումը դուք ստացած էք Աստուծմէ, ծառայելու մեր հայրենիքին։ Այս համալսարանին մէջ, դուք կը դրծուիք եւ կը դառնաք մասնագէտներ, Զօրավար Բալայեանի հրամանատարութեամբ։ Աստուածաշունչի բացատրութեամբ, ձեր գանձը հայրենիքն է եւ այդտեղ ձեր սիրտը կը դնէք այդ գանձը առաւել պայծառ, առաւել հզօր եւ անվտանգ պահելու։ Մենք միշտ աղօթող ենք ձեզի համար, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութեամբ անփորձանք ծառայէք»։