Ուրբաթ, 23 Յունուար 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան նորանշանակ Դեսպանին՝ ՆորինՎսեմութիւն Պաշիր Թաուքին։
Հանդիպման ներկայ էին՝ Թորոնթոյի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան Պատւոյ Հիւպատոս՝ ՊարոնԳրիգոր Փոսթաճեան, Գալկըրիի մէջ Պատւոյ Հիւպատոս՝ Պարոն Էլի Ղանիմէ եւ Վանգուվըրի մէջ ՊատւոյՀիւպատոս՝ Պարոն Նիք Գահուաժի։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան եւ ԱզգայինՎարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նորանշանակ Դեսպանին իր նշանակման առիթով եւյաջողութիւն մաղթեց իր ստանձնած բարձր ու պատասխանատու առաքելութեան մէջ։ Ան ընդգծեց, թէԼիբանանը միշտ առանձնայատուկ տեղ մը ունեցած է հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ, իսկԼիբանանահայ համայնքը իր անջնջելի ներդրումը ունեցած է երկրի կրթական, մշակութային եւհասարակական կեանքին մէջ։
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիււն յայտնեց Դեսպանին, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. ՎեհափառՀայրապետի Գանատա այցելութեան ընթացքին կատարեցին կարգ մը կարգադրութիւններ։ Այսառիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նորին Սրբութեան Գահակալութեան 30-ամեակին առիթովհրատարակուած գաթալոկէն օրինակ մը նուիրեց նորանշանակ Դեսպանին։
Նորին Վսեմութիւն Պաշիր Թաուք բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ շնորհակալութիւնյայտնեց անոր այցելութեան համար։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուող կարեւոր հարցեր, երկրի քաղաքական ու տնտեսական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կայունութեան եւխաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը։
Քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդման կարեւորութիւնը, մանաւանդԼիբանանահայութեան շարունակական դերակատարութիւնը երկրի հանրային կեանքին մէջ եւ ազգայինմիասնականութեան ամրապնդման ճիգերուն մէջ։
Յատուկ անդրադարձ եղաւ նաեւ հայ ժողովուրդի ներկայութեան եւ գործուն մասնակցութեանԳանատայի մէջ՝ ընդգծելով համայնքին դրական ներդրումը բազմամշակութային հասարակութեան մէջ։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի

