Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս  Չարեան, ընկերակցութեամբ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւներ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեանին ու Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանին, այցելեց Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարան, եւ հանդիպում ունեցաւ աշակերտներուն հետ՝ մանկամսուրէն մինչեւ աւարտական երկրորդական դասարաններ:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընդունեց Վարժարանի Տնօրէն Պրն. Րաֆֆի Սարգիսեանը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աղօթքով եւ հայրական պատգամով ողջունեց աշակերտները, տնօրէնութիւնն ու դաստիարակները: Խօսքը յատկապէս աշակերտներուն ուղղելով, շեշտեց, որ Հայ Դպրոցի յարկին տակ աճելով՝ անոնք տարուէ տարի աւելի եւս կը սպառազինուին քրիստոնէական ու հայկական արժէքներով, եւ մաղթեց, որ նոր սկսող տարին ընթանայ անվտանգ եւ առիթ ծառայէ մեր մատղաշ մանուկներու հոգիները հարստացնելու հայութեան, քրիստոնէական ու ազգային գանձերով։