Շաբաթ, 28 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ներկայ գտնուեցաւ Հ.Օ.Մ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած Տոհմիկ օրուան, որ այս տարի ձօնուած էր Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի Հայ գաղութներուն: Երկօրեայ միջոցառումը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ:
Միջոցառումը յագեցած էր դասախօսութիւններով, գեղարուեստական յայտագրով, ցուցահանդէսով, աւանդական ուտեստներու ներկայացմամբ ու վաճռքով, ինչպէս նաեւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ:
Օրհնութեան խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Հ.Օ.Մ.-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կողմէ կազմակերպուած 27-րդ Տոհմիկ Օրուան կազմակերպիչները, որոնք այս ձեռնարկը նուիրած էին Քրիստոսակոխ Սուրբ Երկրին՝ Երուսաղէմ, Բեթղեհէմ, Նազարէթ, Ռամալլա, Եաֆֆա, Հայֆա եւ Ամման, նշելով, որ այս ձեռնարկը առիթ մըն է մտածելու մեր պատմական գաղութներուն ու այնտեղ ապրած, ստեղծագործած եւ մեր Սուրբ Տեղերու իրաունքներու պաշտպան կանգնած մեր Հոգեւոր եւ աշխարհական դասին, քաղաքական, մարզական, մշակութային միութիւններու անցած ուղիին եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զաւակներու կեանքին։
Իր խօսքին մէջ Առաջնորդը համառօտ ակնարկ մը նետեց վերոնշեալ գաղութներու պատմականին վրայ, շեշտելով՝ «Հայ Երուսաղէմը իր մշակութային ժառանգութեամբ, իր ձեռագրական հարստութեամբ, ուխտաւորներու թողած արժէքաւոր իրերով՝ ինչպիսին է Կիլիկիոյ Հեթում թագաւորի պատմական գաւազանը եւ այլ հայ թագուհիներու, վաճառականներու եւ արհեստաւորներու ու մանաւանդ արուեստագէտներու գործերով պատմական արժէք կը ներկայացնէ։ Բայց այս բոլորէն անդին ու վեր՝ այլ նշանակութիւն ունի Երուսաղէմը, որպէս ուխտատեղի՝ Ս. Բեթղեհէմ, Ս. Աստուածամայր, Յորդանան, Գալիլիա, Գողգոթա, Սուրբ Յարութեան Տաճար: Այլ բանիւ՝ որպէս Աստուածակոխ Սուրբ վայրե՜ր…։ Իւրաքանչիւր ազգ կը փափաքի իր յատուկ տեղը ունենալ Սուրբ Երկրին մէջ, իսկ ունեցողը՝ ո՛չ մէկ ճիգ կը խնայէ պահպանելու համար այդ հարստութիւնը եւ կը պայքարի, որպէսզի ո՛չ մէկ թիզ չկորսնցնէ։ Հետեւաբար, Հայ Երուսաղէմը կրօնական-հոգեւոր արժէք ունենալէ անդին նաեւ ազգային արժէք կը ներկայացնէ։ Մենք իբրեւ ազգ հպարտ ու պատիւ պիտք է զգանք, որ Սուրբ Երկրին մէջ ամէն տեղ իրաւունքներ ունինք, սեփականութիւն ունինք, աղօթքի վայրեր եւ ուխտատեղիներ ունինք։ Սակայն ունենալը բաւարար չէ ինքնին, հպարտանալը անցեալով քիչ է, պէտք է պահպանել, գուրգուրալ, տէր կանգնիլ ու պահապանը մնալ»։
Աւարտին, Բաբգէն Սրբազան յորդորեց ներկաները մշտարծարծ պահել հայու արժանավայել ոգին, որպէսզի մեր Սուրբ Վայրերու, մշակութային ժառանգութեանց եւ մեր իրաւունքներուն տէրը ըլլանք ու մանաւանդ տէրը մնանք։ «Մեր պարտքն է գալիք սերունդներուն արդար փոխանցում կատարել եւ հաղորդ դարձնել ու մանաւանդ յոյս ներնչել վաղուան գիտակից տէրերն ու պահապանները երաշխաւորելու», եզրափակեց ան։