Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս  Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Ուրբաթ, 21 Փետրուար 2020-ի յետմիջօրէին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան» ճաշասրահին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը սիրոյ մտերմիկ սեղանի շուրջ ընդունեց Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բաստրմաճեան»  Երկրորդականի աւարտական դասարանի աշակերտները:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանը, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պրն. Համբիկ Քարայեանը, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեանն ու Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդի անդամները: Իսկ աշակերներուն կ’ընկերանար Վարժարանի տնօրէնուհին՝ Օրդ. Լորի Ապրաքեանն ու ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչներ:

Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ աշակերտներուն, որպէսզի մօտէն ծանօթանան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Առաջնորդարանի ազգանուէր ու հայրենանուէր գործունէութեան: Հանդիպումը յագեցած էր մտերմիկ զրոյցներով, մաղթանքներով ու սրտի խօսքերով:

Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց եզրափակիչ խօսքը։ Ան ողջունեց աշակերտները՝ իրենց այս այցելութեան համար, գոհունակութիւն յայտնեց, որ եկած են մօտէն ծանօթանալու Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան, որ ազգի տունը ըլլալով նաեւ մեր եկեղեցական ու կրթական կեանքերու գլխաւոր կեդրոնն է։ Ան նշեց, որ այսօրուան աշխարհը յաճախ մեզ հեռու կը տանի ազգային ու քրիստոնէական մտածելակերպէ ու ոգիէ, սակայն մեր ազգի գոյատեւման ճամբան կը կերտուի հայրենասիրութեան ու եկեղեցասիրութեան ոգիով ու մօտեցումով։ Ան յորդորեց աշակերտները՝ իրենց էութեան մէջ կենսաւորել հայ եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցին արժէքները, զինուիլ հաւատքի ու մտքի ուժով, պատրաստ ըլլալ դէմ դնելու ամէն տեսակի փոթորիկներու, ըլլալ տիպար քաղաքացիներ ու արժանաւոր զաւակները հայ ժողովուրդին, եւ օր ըստ օրէ աւելի՛ հայ զգալ: