Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին՝ Վարդավառին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կիրակի, 28 Յուլիս 2019-ին, հանդիսապետեց Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ փոխանցեց օրուան պատգամը:
Հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան:
Հաւատացեալներու բազմութեան կողքին ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Համբիկ Քարայեանն ու եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներ:
Օրուան խորհուրդին մասին խօսելով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Թափօր լերան վրայ տեղի ունեցած Յիսուսի հրաշափառ Այլակերպութեան խորհուրդին, նշելով, որ Այլակերպութեան տօնը Քրիստոսի աստուածային փառքի յայտնութեան յիշատակն է, երբ Ան առաջին անգամ ըլլալով ինքզինք ցոյց տուաւ որպէս Աստուած՝ Տէրը ողջերու եւ մեռեալներու, իսկ առաքեալները արժանի եղան ականատես ըլլալու Անոր աստուածային բնութեան, որովհետեւ անոնք իրենք զիրենք ընծայած էին Աստուծոյ՝ անկեղծ աղօթքով, մաքուր հոգիով եւ առաքինի վարքով: Առաջնորդ Սրբազանը յատկապէս յորդորեց կառչիլ մեր Սուրբ հաւատքին, Աստուծոյ խօսքերուն, բարեփոխել մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերը, վեր բարձրանալ առօրեայ տագնապներէն ու մտահոգութիւններէն, որպէսզի Մեր Տէրը մեզ եւս լուսաւորէ իր Լոյսով:
Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ նաեւ Վարդավառի տօնին ու անոր կապուած աւանդութեանց մասին, որոնք մեզի հասած են հնագոյն դարերէն, այն օրերէն, երբ տակաւին քրիստոնէութեան Լոյսը չէր հասած Հայաստան։ Ան նշեց, որ մեր նախնիները իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին, ճերմակ աղաւնիներ կ’արձակէին ու վարդեր կը ցրուէին, ի նշան սրբութեան, մաքրութեան, սիրոյ, խաղաղութեան ու բարութեան։ Իր պատգամը եզրափակելով, Առաջնորդ Սրբազանը լուսաւոր ու այլակերպեալ կեանք մաղթեց բոլորին:
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն: Առաջնորդ Սրբազանն ու Հոգեւոր հայրերը օրհնեցին աշխարհի չորս ծագերը, խաղաղութիւն եւ բարեբերութիւն մաղթեցին համայն աշխարհին եւ մանաւանր մեր հայրենիքին, եւ իմաստութիւն ղեկավարներուն:
Ս. Պատարագի աւարտին, Հայ Կեդրոնի «Պարոնեան» սրահին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ ծխական շրջանի հայորդիներուն հետ: