Այսօր, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, տեղի ունեցաւ վախճանեալ՝ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի թաղման եւ գերեզմանի կարգը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս:

Գերեզմանի կնքումը կատարուեցաւ ձեռամբ Գանատայի Տիրախնամ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի։ Մասնակից էր նաեւ Մոնթրէալի՝ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան եւ Գաթարոյեան ընտանիքը։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։