Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանամերձ Գիւղի

Վերանորոգուած Գրադարանի Բացում

25 Յունուար 2025-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիք մարզի Ակունք սահմանամերձ գիւղինմէջ տեղի ունեցաւ բացումը տեղւոյն միջնակարգ դպրոցի նոր գրադարանին։ Ակունք սահմանամերձ գիւղըկը գտնուի Երեւանէն 163 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, բնակչութեան թիւը կը կազմէ 3888 մարդ։ Գիւղինմիակ միջնակարգ դպրոցը ներկայիս ունի 370 աշակերտ։

Մարդասիրական այս ծրագիրը հովանաւորուած էր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրք. Չարեանի կողմէ, իսկ վերանորոգման նախաձեռնութիւնը ստանձնած էր Հայաստանի մէջ գործող«Կարօ Յովակիմեան» բարեգործական հիմնադրամը։ Համագործակցութեան մասնակից էր նաեւ QSI Երեւանի Միջազգային դպրոցը։

1904 ին հիմնուած, ապա 1972-ին վերակառուցուած դպրոցի ամէնէն անբարեկարգ բաժինը գրադարանն էր, վայր, զոր վերանորոգելն ու գրաւիչ դարձնելը շատ անհրաժեշտ էր ինքնակրթութեան, ինքնազարգացման ուայլ ժամանցի հնարաւորութենէ զրկուած այս հեռաւոր շրջանին մէջ ապրող աշակերտութեան համար։

Այս մեկնակէտէն ուղղուած «Կարօ Յովակիմեան» հիմնադրամն ու Գանատայի Հայոց Թեմի ԱզգայինԱռաջնորդարանը նպատակայարմար գտան՝ համատեղ ջանքերով վերանորոգել գիւղին գրադարանը,զինել արդիական միջոցներով եւ զայն վերածել լոյսի ակունքի մը, որ ի զօրու պիտի ըլլայ յագեցնելու դպրոցիգրքասէր եւ ուսումնատենչ աշակերտութեան գիտելիքի ծարաւը։

Վերանորոգուած գրադարանին բացման առիթով՝ դպրոցի տնօրէն Տիկին Լուսինէ Աւագեանի, ուսուցչականկազմի եւ աշակերտութեան մասնակցութեամբ պատրաստուած տօնական օրուան յատուկգեղարուեստական յայտագիրն ու սրտի ոգեւորիչ խօսքերը կը վկայէին բոլորին սէրը գիրքին հանդէպ եւկարեւորութիւնը՝ վերանորոգուած գրադարանին, որ իր 8000 հին ու համալրուած նոր գիրքերով եւյարմարաւէտ կահաւորումով՝ դարձաւ բազմակողմանի զարգացման սիրելի վայր մը, լոյսի ակունք մը։ Տեղինէ նշել, որ այս դպրոցի աշակերտները ոչ միայն գրքասէր են, այլեւ՝ գրքաստեղծ. դպրոցի աշակերտներէներեքը արդէն գիրքերու հեղինակ են։

Գրադարանի բացման հանդիսութեան ընթացքին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց «Կարօ Յովակիմեան» հիմնադրամի հիմնադիր՝ հայրենադարձ Պրն. Սարգիս Յովակիմեանը, անոր խօսքով,- «Հայրենիքը կը սկսիսահմանէն, որուն համար զոհուեցան մեր ազգի զաւակները։ Հայրենիքը հողն է, իսկ հողը պահողը մարդը, որպէտք է զինուի գիտելիքով։ Այս մեկնակէտէն ուղղուած մեր հիմնադրամը միշտ նպատակ ունեցած էուշադրութիւն դարձնելու շրջաններուն։ Այս գրադարանին վերանորոգումը անհրաժեշտ գտանք, որպէսզիդպրոցի աշակերտները գիտելիքով զինուելու հնարաւորութիւն ունենան եւ դառնան լաւ հայ մարդ»։

Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանապետ Դոկտոր Տանիա Օհանեան, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի անունով ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ.- «Հայաստանի մէջիրականացուցած մեր ծրագիրներուն նպատակակէտը միշտ եղած են Հայաստանի սահմանամերձշրջանները, փորձեցինք այս նախաձեռնութեամբ ալ քիչ մը արեւ բերել այստեղ։ Ուրախ ենք, որ «ԿարօՅովակիմեան» հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Պրն. Յակոբ Մաքտիսի հետ, կրցանք իրականացնել այսծրագիրը, որուն միջոցով կրնայ նաեւ կապ ստեղծուիլ այս դպրոցի եւ Գանատայի մէջ ապրող հասակակիցաշակերտներուն միջեւ»։

Հանդիսութիւնը իր խօսքով փակեց Վարդենիսի Հոգեւոր Հովիւ`Արժանապատիւ Տ. Յարութիւն քահանայՅունանեան եւ ըսաւ.- «Մեր կեանքի կարեւոր երեք արժէքներն են՝ եկեղեցին, զոր այսօր կը ներկայացնէԳանատայի Ազգային Առաջնորդարանը, Հայրենքը՝ զոր կը ներկայացնէ յանուն հայրենիքի իր կեանքըզոհած Կարօ Յովակիմեանի անունը կրող հիմնադրամը եւ գիտութիւնը, որ կը ներկայացնէ դպրոցը իրվերանորոգուած գրադարանով։ Այսօր, այս նախաձեռնութեամբ մենք մեծարեցինք այս երեք արժէքները,որոնք մեր փրկութեան ուղին են։ Թող այս գրադարանը սերունդներ զարգացնելու առիթ դառնայ»։

Ազգային Առաջնորդարանը կը շարունակէ մարդասիրական իր ծրագիրները Հայաստանի մէջ եւ կը ջանայՀայաստան-Սփիւռք կապը պահել անխախտ, որպէսզի Գանատահայ պատանի եւ երիտասարդ սերունդըշարունակէ իր գործնական կապը հայրենիքին հետ, պահելով հայ լեզուն, ազգային արժէքները եւքրիստոնէավայել իր կեանքը։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

AGOUNK-2

Image 19 of 20