Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Ուրբաթ, 7 Յունիս 2019-ին, Քինկսթընի մէջ սկիզբ առաւ աւանդութեան վերածուած երիտասարդական համախմբումը, որ ունէր «Հաւատք՝ Գործելով» նշանաբանը: Երկօրեայ համախմբումին, Շաբաթ, 8 Յունիս եւ Կիրակի, 9 Յունիս 2019-ին, մասնակցեցեան աւելի քան 40 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք եկած էին Թեմիս զանազան շրջաններէն:
Սոյն համախմբումին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին, ներկայ էին Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանը, Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւ. Քահանայ Միքայէլեանն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանէն ժամանած Արժանապատիւ Տոքթ. Տ. Վահան Քահանայ Գույումճեանը:
Համախմբումը զեղուն էր քրիստոնէական, եկեղեցագիտական, դաստիարակչական, Ս. Գրային եւ ընկերային դասախօսութիւններով, հանդիպումներով ու հաւաքներով, նպատակ ունենալով անդրադառնալ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս երիտասարդութեան կարեւոր դերակատարութեան:
Երկօրեայ համախմբումը կ’ընդգրկէր այժմէական երեք նիւթերու շուրջ զրոյց-ներկայացումներ: Առաջին նիւթն էր՝ «Ներածութիւն Աստուածաշունչի», զոր ներկայացուց Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, երկրորդ նիւթը՝ «Ընտանիք եւ Ամուսնական Կեանքը՝ ըստ Աստուածաշունչի», զոր ներկայացուց Արժանապատիւ Տոքթ. Տ. Վահան Քահանայ Գույումճեան, իսկ երրորդը՝ «Իսլամաց Հայեր», զոր ներկայացուց Հորիզոն Շաբաթաերթի գլխաւոր խմբագիրը՝ Տիար Վահագն Գարագաշեան: Իսկ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան խորհուրդէն Բարեշնորհ Սարգիս Սրկ. Կիտանեան ներկայացուց «Հայ Եկեղեցւոյ Շարականները եւ Ս. Պատարագը»: Գործադրուեցաւ կլոր սեղան մը՝ «Իսլամացած Հայեր» նիւթին շուրջ, ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցաւ «Արարատէն Սիոն» ֆիլմը:
Ընկերային զուարթ պահերու, երգի, երաժշտութեան, խարոյկահանդէսի եւ խաղերու կողքին, համախմբումը յագեցած էր ժամերգութիւններով եւ Ս. Պատարագով: Աւարտին, տեղի ունեցաւ համագումարի արժեւորում, ուր շեշտուեցաւ երիտասարդութեան կարեւոր դերն ու մասնակցութիւն եկեղեցւոյ ծառայական կեանքին մէջ:
Կիրակի, 9 Յունիսի յետմիջօրէին, երիտասարդներ վերադարձան իրենց շրջանները, նոր թափով ու եռանդով ծառայելու եկեղեցւոյ ու ազգին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ