Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի հրաւէրով եւ ԱզգայինՎարչութեան կազմակերպութեամբ, Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող եկեղեցիներունհոգեւոր եւ աշխարհական ծառայողները, ազգային բարերարներն ու նուիրատուները, Շաբաթ, 1 Փետրուար2025-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի «Հայ Կեդրոն»ին մէջ ի մի խմբուեցան հարազատ մթնոլորտի մէջ բոլորելովԱզգային Առաջնորդարանի «Նուիրատուներու Գնահատման Երեկոյ»ն:

Ներկայ էին Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչն ու Հոգեւոր Հովիւը, ԼիբանանիՀանրապետութեան Պատւոյ Հիւպատոս՝ Պարոն Գրիգոր Փոստաճեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ,Ազգային Պատգամաւորներ, Ազգային Երեսփոխաններ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւԳանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Շքանշանակիրներ, Գործակից Միութիւններուներկայացուցիչներ եւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացողբարերարներ, բարեկամներ եւ նուիրատուներ:

Երեկոն սկսաւ բարի գալուստի խօսքով, զոր արտասանեց օրուան հանդիսավարը՝ Հոգեշնորհ Տ. ՅակոբՎարդապետ Եագուպեան: Յանուն Ազգային Վարչութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետ՝ ՏիկինԾովիկ Թերզեան: Ապա, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի անցնող մէկ տարուանգործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսաերիզ մը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր խնդրանքով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Սրբատառ Կոնդակով, «Կիլիկիան Իշխան»ի շքանշանով պատուեց՝ Տիար Վահէ Թոքմաքճեանը՝ առ ի գնահատանք անոր երկարտարիներու ծառայութեան եւ բարերարութեան։

Հանդիսութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հարը ծաղկեփունջերով պատուեց նաեւ Հոգելոյս Տ. ԱրմէնԱւագ Քահանայ Իշխանեանի երէցկինը՝ Երէցկին Շաքէ Իշխանեանը եւ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ ԱւագՔահանայ Միքայէլեանի երէցկինը՝ Երէցկին Սօսի Միքայէլեանը, որոնք քահանայ հայրերու կողքին իրենք եւսծառայած են եւ կը ծառայեն եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։

Փակման եւ Օրհնութեան խօսքին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, ապա իր գնահատանքը յայտնեց երեկոյթին յաջողութեան համար գործող բոլոր անձերուն, ի մասնաւորիՏիկին Ռուբինա Իշխանեան-Ֆարրային, իրենց անփոխարինելի նպաստ բերող նուիրատուներուն եւկամաւորներուն, որոնք զօրավիգ ու քաջալեր կը հանդիսանան Ազգային Առաջնորդարանին ու անորազգօգուտ ծրագիրներուն: Իր խօսքին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս թուեց կարգ մը այլ իրագործումներ եւս,որոնք կատարուած են Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ, թէ՛ Գանատայի եւ թէ՛ Հայաստանի ու Արցախիհայութեան համար։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ բոլոր աշխատանքները կարելի է իրագործել հաւատալովանոնց տալիք արդիւնքին։ Եթէ կը վստահինք Աստուծոյ մեր բոլոր ծրագիրները օրհնեալ կը դառնան։

Երեկոն վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով:

DSC_2274

Image 2 of 6