Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2019-ին, կէսօրէն ետք ժամը 15:30-ին, Գեղարքունիքի մարզի Մաքենիս սահմանամերձ գիւղին մէջ, տեղի ունեցաւ բացումը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիք Մարզի Մաքենիս գիւղի միջնակարգ դպրոցի համակարգչային դասասրահի, հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ մեկենասութեամբ Գանատահայ Տէր եւ Տիկին Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեաններու։
Մաքենիս գիւղը յայտնի է Մաքենեաց վանքով, որ 9-13-րդ դարերուն եղած է Մեծ Հայքի Գեղարքունիք գաւառի ամէնէն նշանավոր կրօնական-մշակութային կեդրոնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզի Մաքենիս գիւղը կը գտնուի Վարդենիս քաղաքէն 18-քմ հարաւ-արեւմուտք: Ծովի մակարդակէն բարձր է 2231-մեդր:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը երբ գիւղ ժամանեց, միջնակարգի աշակերտները դիմաւորեցին զինք եւ ան կատարեց աղ ու հացի օրհնութիւն։ Անմիջապէս ետք, աշակերտները գեղարուեստական ծրագրով հանդէս եկան, որմէ ետք խօսք առաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը (լսել տեսերիզը)։
Հանդիսութեան ներկայ էր Գեղարքունիքի նախկին մարզպետ եւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի Ներկայացուցիչ՝ Պրն. Իշխան Սաղաթէլեան եւ տիկինը՝ Լիանան։ Սոյն ծրագիրը արդէն իսկ սկիզբ առած էր Պրն. Սաղաթէլեանի մարզպետութեան ժամանակահատուածէն։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ դասասրահի պաշտօնական բացումը եւ օրհնութիւնը։