2019 տարուան մայրամուտին եւ 2020 տարին հազիւ բացուած, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը՝ հրամանաւ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, ի լոյս ընծայեց երեք հատորներ, որոնք ցայտուն վկաներն են Թեմիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ հաւատացեալներու հոգեւոր պապակի յագեցման աշխատանքներուն:
Առաջինը, «Նոր Կտակարան Յիսուսի Քրիստոսի եւ Սաղմոսներ» արդի աշխարհաբար թարգմանութեան կտաւակազմ հատորը, որ հաւատքի երաշխիքն է իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի, մեկենասութեամբ Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան ամոլին:
Երկրորդը, «Ի խորոց սրտից» Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «հեծեծալից հառաչանքներու ողբաձայն աղաղակը»՝ «Մատեան Ողբերգութեան»ը, մեկենասութեամբ Տէր եւ Տիկին Ռաֆֆի եւ Սիւզի Օհանեան ամոլին:
Իսկ Երրորդը, Հայաստանի Աստուածաշնչային Ընկերութեան «Պատանիին Աստուածաշունչը» գունագեղ հատորը, մեր մատղաշ սերունդներու Քրիստոնէական Դաստիարակութեան առհաւատչեան, մեկենասութեամբ Տիկին Շաքէ Կէօնճեանի:
Այս հրատարակութիւնները արժանի են ո’չ միայն մեր ընթերցասէր հասարակութեան, այլ մանաւանդ նոր սերունդներուն հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան, որովհետեւ կը կազմեն աննիւթական կամուրջը մեր ազգային աւանդներուն ու նախնեաց ժառանգութեան։
Վարձքը կատար այս հատորներուն հրատարակման մաս եւ բաժին ունեցող բոլոր աշխատակիցներուն եւ բարերարներուն: Թող հայ գիրքը մնայ բոլորին հասանելի եւ սիրելի: