Գանատայի Հայոց Թեմը՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի բարձրհովանաւորութեամբ, կը շարունակէ Արցախահայ երեխաներու համար իր նախատեսածԱրցախահայութեան համար ծրագիրները։

Արցախահայերու համար LEGO եւ անգլերէն լեզուի ուսուցման ծրագիրը կը շարունակուիԵրեւանի մէջ մեծ սիրով ու նուիրուածութեամբ, համագործակցութեամբ Big Mind Kids կազմակերպութեան։

Մեր երեխաները անգլերէնը կ՚ուսումնասիրեն խաղով, ստեղծագործական ու հաղորդակցականմեթոտներով՝ փորձառու ուսուցիչներու հսկողութեամբ։ Այս ծրագիրը կարեւոր է, որպէսզիԱրցախահայ երեխաները անջատուին իրենց կրած դժուարութիւններէն եւ իրենց միտքըկեդրոնացնեն նոր աշխատանքներու վրայ։

Լեզուի ուսուցման հետ միատեղ, անոնք ներգրաուած են LEGO-ի կրթական նախագիծերու մէջ,որոնք կը զարգացնեն իրենց տրամաբանութիւնը, համագործակցութեան հմտութեանկարողութիւները եւ ստեղծագործ միտքը։

Մեզի համար կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր երեխայ ինքզինք զգայ ապահով, վստահ ու ոգեշնչուած՝սորվելու եւ ինքնադրսեւորուելու համար։

ԴԻՒԱՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

512579645_1160486672787828_8058508105747551924_n

Image 3 of 8