ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
–ԿՈՄԻՏԱՍԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՆՈՒԱԳԱԽՄԲԱՅԻՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿ՝ ՁՕՆՈՒԱԾ ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՉԱՐԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՕԾՄԱՆ 35-ԱՄԵԱԿԻՆ
Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, համագործակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմին եւ «Orchestre Symphonique de Laval»ի, Մոնմորանսի գոլէճի «André-Mathieu» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հոգեւոր Հայաստան» համանուագային հանդէսը, նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին: Համերգը կը վայելէր Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը:Կատարման հովանաւորներն էին՝Տիկին Շաքէ Կէօնճեան, Տիար Մանուկ Չուխաճեան «Բաստրմաճեան» Հիմնադրամն ու Տէր եւ Տիկին Աւետիս եւ Մարալ Թաշճեան:
Յանուն Ազգային Առաջնորդարանին, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Օրդ. Նորա Արուշեան:
Բացառիկ կոչուելու արժանի նուագախումբը, խմբավարութեամբ Տիար Ալէն Թրուտէլի, առաջին բաժինով կատարեց Ռավէլի «Գուփերէնի Գերեզման» ստեղծագործութիւնները եւ Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութենէն պարերգեր, որոնց նուագախմբային մշակումը կատարած էր երաժշտագէտ Պետրոս Շուճունեան:
Երկրորդ բաժինով, ներկայացուեցաւ Պրամսիի «Ողբերգական Նախերգական»ը, «Արար 81»ը եւ Կոմիտասեան Պատարագի նուագախմբային տարբերակը՝ նոյնպէս Տիար Շուճունեանի մշակումով: Տիար Շուճունեան Կոմիտասեան Պատարագի այս մշակումը ձօնեց Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի Քահանայական օծման 35-Ամեակին:
Նշենք, որ մարդկային հոգին ու միտքը ազնուացնող այս հանդիսութեան ներկայ էին հազարի հասնող հանդիսատեսներ, որոնցմէ պատկարելի թիւ մը՝ օտարներ: