«Առաջնորդի Ընթրիք»ը Գանատայի Հայոց Թեմի մեծ ընտանիքին համար կը յատկանշուի իւրայատուկ աւանդութեամբ մը, որ ի մի կը համախմբէ մեր Թեմի եկեղեցիներուն ծառայողները, Ազգային Առաջնորդարանին բարերարներն ու բարեկամները: Մոնթրէալի «Առաջնորդի Ընթրիք»ի աննախընթաց յաջողութիւնէն ետք, Օնթարիոյ եւ Թորոնթոյի եկեղեցիներուն հոգեւոր եւ աշխարհական ծառայողներն ու համայնքի մեծ ընտանիքը եւս, Շաբաթ, 2 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի «Հայ Կեդրոն»ին մէջ բոլորեցին «Առաջնորդի Ընթրիք»ը՝ ի նպաստ Ազգային Առաջնորդարանին, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, ձեռնարկի նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Հռիփ Թոքմաքճեան ամոլին եւ կազմակերպութեամբ Առաջնորդարանիս Օնթարիոյի Կանանց Խորհուրդին:
Աւանդական ընթրիքին ներկայ էին հոգեւորականաց դասու Կրօնական ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Պատգամաւորներ, Ազգային Երեսփոխաններ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Շքանշանակիրներ, Գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող բարերարներ, բարեկամներ եւ ազգայիններ:
Սոյն ընթրիքին հանդիսավարներն էին Տիկնայք Թամար Մաթոսեանն ու Նաթալի Կէօքշէնեանը, որոնք ամենայն ձեռնհասութեամբ կատարեցին իրենց առաքելութիւնը:
Ազգային Վարչութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետուհին՝ Տիկին Ծովիկ Թէրզեանը, որ ողջունեց ներկաները, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր հովանաւորներուն ու ներկաներուն, ու մանաւանդ բոլոր այն ազգայիններուն, որոնք յարատեւօրէն նեցուկ կը կանգնին Ազգային Առաջնորդարանի ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն, եւ շեշտեց միասնութեան ու համագործակցութեան կենսական կարեւորութեան մասին:
Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք, ներկաները միասնաբար դիտեցին Ազգային Առաջնորդարանի անցնող մէկ տարուան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսաերիզ մը:
Ընթրիքի մթնոլորտին հայկականութեան մեծ նպաստ բերին գեղարուեստական յայտագրի մասնակիցները: Ասմունքով հանդէս եկաւ Տիկին Սարին Փօլատեան-Աբիկեան: Հայրենի մեղեդիներով ու երաժշտութեամբ մթնոլորտը գեղեցկացուց դաշնակահար Եղիա Պօղոսեան: Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւն բերին նաեւ արուեստագէտներ Լեւոն եւ Լենա Նահաս։
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Հայաստանի Սահմանամերձ Վահան գիւղին մէջ, 16 Սեպտեմբեր 2018-ին տեղի ունեցած մանկական խաղահրապարակի բացման հանդիսաւոր արարողութեան տեսաերիզը: Սոյն ծրագրի իրականացման մեկենասն էր Պրն. Մանուկ Չուխաճեանը։
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին, հանդիսավարները բեմ հրաւիրեցին Սրբազան Հայրը, որպէսզի կատարէ պարգեւատրումները:
Իր բազմամեայ նուիրական ծառայութեան համար Տիար Ռաֆֆի Տէր Պօղոսեան պարգեւատրուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ շնորհուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով: Պատուուեցան նաեւ Տեարք՝ Կարօ Եղոյեան, Մանաս Թիթիզեան, Սամ Մանուկեան, Ճոն Մոմճեան, Էտի Ուրֆալեան եւ Սիմոն Փօլատեան՝ արժանանալով Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Յովհան Մանդակունի» Շքանշանին, իսկ Օրիորդ Մարիա Չամիչեան արժանացաւ Գնահատագիրի՝ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի աշխատանքներուն իր բերած տարիներու նպաստին համար:
Երեկոյթի փակման եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան առաջին հերթին ողջունեց բոլոր ներկաները, շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Ազգային Առաջնորդարանի բարերարներուն ու բարեկամներուն ու սոյն երեկոյին հովանաւորներուն, եւ ապա ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ անցեալ տարուան ընթացքին իրագործուած ծրագիրներուն ու անոնց անմիջական շարունակութիւնը հանդիսացող յառաջիկայի քայլերուն:
Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մասնաւորաբար շեշտեց, որ «Առաջնորդարանը իր լայնածաւալ ծրագիրներով կը գործէ ի խնդիր համայնքներու հզօրացման եւ առ հասարակ մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար։ Ազգային Առաջնորդարանը աւելի սերտօրէն ամրապնդելով այդ գիտակցութիւնը, կը շարունակէ ընթանալ ընդհանրական շահերու իրագործման հեռանկարով»: Ապա, իր խօսքը աւարտեց անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով այս երեկոյթն ու ընդհանարապէս Ազգային Առաջնորդարանի ծրագիրները հովանաւորող բարերարներուն ու ազգայիններուն, մաղթեց, որ այս տարին ըլլայ բոլորի անհատական ու մեր ազգային հաւաքական կեանքերուն մէջ նոր նուաճումներու տարի մը:
Ընթրիքը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով: