Կիրակի, 17 Մարտ 2019-ի միջօրէին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ներկայ գտնուեցաւ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» եւ «Շուշի» մասնաճիւղերու կազմակերպած «Կանանց Միջազգային օր» տօնակատարութեան եւ իր գնահատանքն ու հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն:
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը դրուատեց ՀՕՄ-ի բարեսիրական ու ազգանպաստ գործունէութիւնը, որ կը ծաւալէ Հայաստանի ու սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ՝ հասնելով մինչեւ Գանատա, ուր իր անդամներուն թիւը կը գերազանցէ երեք հազարը:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ կանանց ու մայրութեան կարեւոր ու ծանրակշիռ դերակատարութիւնը ազգային ու եկեղեցական կեանքին մէջ եւ օրհնեց ՀՕՄ-ի կամաւոր ծառայողներուն վաստակն ու երախտիքը: