05 Nov ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ՝
ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ՝ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ կազմակերպու-թեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան, Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցան «Հայ Ուսուցիչներու Գնահատման» երեկոներ:
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2012-ին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ «Յովնանեան» սրահին մէջ, գնահատուեցան աւելի քան 50 ուսուցիչներ՝ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ եւ ԳէմպրիՃի ՀՕՄ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարաններու նուիրեալ ուսուցիչները: Սոյն երեկոյին, ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն՝ Տոքթ. Արմէն Մարտիրոսեան եւ Կրթական Մարմնի ատենապետուհի տիկին Անի Հոթոյեան-Ժոլի, եւ «Մեղրի» մասնաճիւղի ատենապետուհի տիկին Հուրի Գասամանեան, իրենց գնահաանքի խօսքերը փոխանցեցին բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն իրենց անվերապահ ծառայութեան համար: Այս առթիւ, յատուկ գնահատանքի արժանացաւ բազմաթիւ տարիներու վաստակաւոր դաստիարակ եւ ուսուցիչ պրն. Մուշեղ Գարագաշեան որ յաջորդող Կիրակի առաւօտեան Ս. Պատարագի ընթացքին բարձրօրէն գնահատուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսու-թեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հարապետի սրբատառ Կոնդակով:
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2012-ին, Առաջնորդարանի Դահլիճէն ներս, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կրթական հաստատութիւններէն (Մանկամսուր, Ծաղկոց, Ամէնօրեայ, Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ) ներս գործող եւ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աւելի քան 100 ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, դարձեալ գնահատուեցան Խաժակ Արքեպիսկոպոսի յատուկ գնահատագրով եւ քաջալերական խօսքերով:
Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց. «այս օտար ափերուն վրայ, Հայեցի դաստիարակութիւնը Առաջնորդարանիս համար առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ, եւ սակայն, մեր փորձերը առանց հայ դպրոցին եւ հայ ուսուցիչի զոհողութեան՝ ապարդիւն կը դառնան»:
Երեկոյի ընթացքին խօսքի առին, Կրթական Մարմնի ատենապետ պրն. Արշակ Աբանեան, Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի տիկին Լենա Գատեան, Ծաղկոցի տնօրէնուհի տիկին Սիլվա Քէօշկէրեան, Մանկամասուրի տնօրէնուհի տիկին Լիզա Մազլումեան, Շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէն պրն. Գրիգոր Մարունեան, Կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն պրն. Թորոս Պապիկեան եւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէնուհի տիկին Սեդա Թոփուզեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքին մէջ կեդրոնացաւ հայ ուսուցիչին նուիրական ծառայութեան վրայ եւ զանոնք դասեց հայ ժողովուրդի պատմութեան «թարգմանիչ»ներու շարքին, որոնք կրօնքը, հայ լեզուն, գրականութիւնը եւ մշակոյթը կը փոխանցեն նորահաս սերունդին: Բարձրօրէն գնահատեց Մանկամասուրի եւ Ծաղկոցի ուսուցչուհիները, որոնք հիմը կը դնեն մանուկներու շուրթերուն հայ լեզուի սկզբնական տառերը եւ խնամքով զանոնք կը հասցնեն դէպի Ամէնօրեայ վարժարան: Սրբազան Հայրը ըսաւ «Հայ եկեղեցին ու դպրոցը զուգորդուած են որպէս Հայ ժողովուրդի արթնութեան զանգն ու լեզուակը» եւ գնահատեց բոլորը իրենց շարունակական նուիրումին համար: