ՍՐԲԱԶԱՆ ԳԷՄՊՐԻՃ ՊԱՏԱՐԱԳ

ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՉԱՐԵԱՆ ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԵՏ

Կիրակի, 9 Սեպտեմբեր 2024-ին, Մուսա Լերան Հերոսամարտի եւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Սուրբ Նշան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Գէմպրիճ։

Սուրբ Պատարագին Առաջնորդ Սրբազան Հօր սպասարկեցին՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Հոգեւոր Հովիւ Ս. Նշան եկեղեցւոյ եւ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեան։

«Դառնանք մեր կեանքերուն եւ քննենք մեր սրտերը.

Ո՞ւր է Խաչը, որ անոր ճամբաներէն քալենք անահ ու անվրդով, որ անոր փարոսին սեւեռ մեր հայեացքով հասնինք փրկութեան նաւահանգիստ։

Ո՞ւր է Կենաց Խաչը, որ անոր խորանին վրայ պատարագուող Քահանայապետին երկրպագութեան փութանք, որ Անոր պատարագումին հաղորդակից դառնանք։

Ո՞ւր է Կենաց Ծառը, որ անոր հոգեշնորհ սաղարթներուն ներքեւ մեր կեանքի օրերը ապրինք, որ անոր շնորհաբաշխ պտուղէն ճաշակենք եւ բաժին հանենք մեր նմաններուն։

Եւ ո՞ւր ենք մենք այս Ս. Խաչի ճանապարհին», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։

Սուրբ Պատարագէն ետք, հոգահանգիստ կատարուեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի քաջամարտիկներու յիշատակին եւ ապա կատարուեցաւ Մատաղի օրհնութիւն։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us