ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ԹՈԹՈՆՈՅԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 18 Օգոստոս 2024-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով,
Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս
Չարեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց
Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Թորոնթօ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին ընդմէջէն վեր առաւ Աստուածամօր
առաքինութիւնները եւ աղօթեց առ բարձրեալն Աստուած, որ Գանատահայ մեր
գաղութները Աստուածամօր բարեխօսութիւնը վայելեն եւ իր նման արժանի ըլլան
յաւերժապէս Տիրոջ հետ
ըլլալու: Սուրբ Պատարագէն ետք Բաբգէն Արքեպիսկոպոս կատարեց «Մատաղի, խաղողի եւ
ջուրի» օրհնութիւն:

Նշենք, որ Շաբաթ՝ երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան
Հայրը եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս, ընդունեց Օնթարիոյ Նահանգի Երեսփոխաններ,
յանձինս` Նորին Վսեմութիւն Մէրի Նկ (Minister of Export Promotion,
International Trade, and Economic Development), Նորին Վսեմութիւն
Մայքըլ Փարսա (Minister of Children, Community, and Social Services),
Նորին Վսեմութիւն Արիս Պապիկեան (Member of Provincial Parliament for
Scarborough-Agincourt), Նորին Վսեմութիւն Վինսընդ Քէ (Member of
Provincial Parliament for Don Valley North) եւ Նորին Վսեմութիւն Ժան
Եիբի ներկայացուցիչ (Member of Provincial
Parliament for Scarborough-Agincourt): Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու
Պետական Ներկայացուցիչները մասնակից դարձան եկեղեցւոյ անուանակոչութեան
տօնակատարութիւններուն:

Իսկ Հինգշաբթի երեկոյեան, ուխտի շաբթուան ձեռնարկներու ծիրէն ներս,
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց եկեղեցւոյ դպրաց դասերու համերգը:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us