Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՁԵՌԱՄԲ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

            Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 07:00-ին, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

            Օրհնութնեան սրբազան արարողութեան մասնակցեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, աղօթակցութեամբ՝ Թեմիս մէջ ծառայող Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան հայրերու: Հոգեպարար արարողութեան ներկայ էին Թեմիս Ազգային բարերարներ Տիկին Շաքէ Կէօնճեանն ու զաւակը՝ Զաւէն Կէօնճեան, որ Հայրապետական Ամպ Հովանին բռնելու պատիւը ունեցաւ, ինչպէս նաեւ Տէր եւ Տիկին Համբիկ եւ Լիւսի Գարայեան եւ Բարեշնորհ Սարգիս Սարկաւագ Գիտանեանն ու Տարօն Սարկաւագ Հալլաճեանը:

            Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներու շարքին, արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեան եւ Գերշ. Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեան, իսկ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութենէն՝ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

            Սրբազան արարողութեան ներկայ եւ աղօթակից էին զանազան եկեղեցիներու՝ Ասորի եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ. Պատրիարքը, Ֆրանսիս Պապին անձնական ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ Ղպտի Ուղղափառ, Մարոնիթ, Յոյն Ուղղափառ, Յոյն Կաթոլիկ, Ասորի Կաթոլիկ, Հայ Կաթոլիկ, Քաղդէացի, Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էին նաեւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալ ուխտաւորներ։ Զանազան եկեղեցիներու պետերը, որոնք չկրցան անձամբ եւ կամ ներկայացուցիչներու միջոցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան, շնորհաւորական նամակներ յղեցին Վեհափառ Հայրապետին:

            Միւռոնօրհնութեան կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան փոխ ատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։

            Արարողութիւնը ընթացաւ Աստուածաշնչական եւ Եկեղեցւոյ հայրապետներու աղօթքներու ընթերցումներով՝ Վեհափառ Հայրապետին ու մասնակից եպիսկոպոսներու կողմէ, աղերսելով Աստուածային օրհնութիւնն ու Ս. Հոգիին ներգործութիւնը: Սրբալոյս Միւռոնի պատմական կաթսային կափարիչը բացուեցաւ եւ արարողապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի հրաւէրով եպիսկոպոսներ Վեհափառ Հայրապետին յանձնեցին անուշաբոյր վարդի իւղն ու բալասանը, որ յատուկ աղօթքներու ընթերցումով Նորին Ս. Օծութիւնը խառնեց նոր Միւռոնին: Ապա, ան նոր Միւռոնին խառնեց Ս. Էջմիածնի Միւռոնը, ի նշան Հայ Եկեղեցւոյ միութեան։ Եւ, վերջապէս, միւռոնաթափ աղաւնիին ընդմէջէն Վեհափառ Հայրապետը լեցուց եռամեծար հայրապետներուն ձեռքով պատրաստուած հին Միւռոնը։ Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը հայ եկեղեցւոյ հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի Աջով օրհնեց Միւռոնն ու ժողովուրդը:

            Հոգեպարար արարողութեան աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ յղեց ոգեշունչ պատգամը։ Ան խօսելով Ս. Միւռոնի մասին ըսաւ.- «Սոսկ ծիսական արարողութիւն մը չէ Միւռոնի օրհնութիւնը։ Ան Աստուծոյ էջքն է երկիր ու մարդուն բարձրացումը երկինք։ Աստուծոյ ու մարդու հաղորդութեան խորախորհուրդ պահն է միւռոնի օրհնութիւնը՝ Սուրբ Հոգւոյ երկնառաք շնորհներու ներգործութեամբ։ Մեր ազգին հոգեւոր պայծառակերպումի ու ազգային վերանորոգման պահն է միւռոնի օրհնութիւնը՝ մեր հոգեւոր ու ազգային աւանդութիւններու, արժէքներու ու ապրումներու միախառնումով։ Խոր է իմաստը եւ հրաշազան խորհուրդը հայու Սրբալոյս Միւռոնին։ Աստուծոյ ստեղծագործութեան բարիքները կան Միւռոնին մէջ՝ ձէթի կողքին աւելի քան քառասուն ծաղիկներու եւ հունտերու ներդաշնակ միաձուլումով։ Իր նիւթեղէն գոյութենէն անդին՝ երկնային սրբութեան ցօղն է Միւռոնը մեր մեղապարտ կեանքին վրայ ու երկնային լոյսին ճառագայթը մեր խաւար երկնքին վերեւ»։

            Հայրապետը իր պատգամը շարունակելով ըսաւ. «Միւռոնաբոյր այս պահը մեր հոգեւոր կեանքի վերանորոգման, մեր ազգային ինքնութեան վերահաստատման պահն է, միաժամանակ՝ երկնային հրաւէր է ազգին միւռոնադրոշմ զաւակներուն…Սրբալոյս Միւռոնով Հայաստանը, Արցախը ու Սփիւռքը անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն են։ Մնացէ՛ք հաւատարիմ ձեր ճակտին վրայ դրոշմուած Սուրբ Միւռոնին, անոր խորհուրդին ու հրամայականին։ Մնացէ՛ք հաւատարիմ Սրբալոյս Միւռոնի յաւերժական պատգամին։ Սրբալոյս Միւռոնով մենք միակամ ենք ու հզօր»։

            Իր պատգամի աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը աղօթք վերառաքեց ամենակալ Աստուծոյ՝ խնդրելով Սուրբ Հոգւոյ շնորհները, շեշտելով, որ «Այս Միւռոնը դառնայ յաւերժահոս աղբիւր՝ երկնային բարիքներու, հոգեւոր վերածննդեան, ազգային միասնութեան եւ յաւերժայաղթ հայութեան»։

            Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով, «Կիլիկիա», «Ի վեհ բարձանց» ու «Կիլիկեան ուխտի» Հայրապետական մաղթերգերով։

            Վեհարանի մուտքին, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Աջով օրհնեց հաւատացեալ ներկայ ժողովուրդը, աւարտին հասցնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան Անթիլիասական շրջանի տասներրորդ Միւռոնօրհնութեան արարողութիւնը:

     



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us