09 Nov Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՂՕԹՔ ՄԱՏՈՒՑԵՑ ԵՒ ՊԱՏԳԱՄ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ԱՄՆ ՔՈՆԿՐԷՍԻՆ
Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց ԱՄՆ Քոնկրէսի կեդրոնատեղին, Ուաշինկթընի մէջ։
Նորին Սրբութիւնը աղօթքով բացումը կատարեց խորհրդարանի նիստին:
Խորհրդարանին կից գտնուող սրահին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոսին ի պատիւ տրուած ընդունելութեան ընթացքին, Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը խորհրդարանի անդամներու հետ։
Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հարցին, Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ պաղեստինեան տագնապին:
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետի շքախումբին կ՚ընկերանային, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան ու Ատենադպիր՝ Տիկին Աննա Պուլկարեան։