28 Jan ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ «ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԸՆԹՐԻՔ»Ը ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Տարիներու վրայ երկարող գեղեցիկ աւանդութեամբ մը, Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Մեծն Մոնթրէալի եկեղեցիներուն հոգեւոր եւ աշխարհական ծառայողները, ազգային բարերարներն ու Առաջնորդարանին բարեկամները, Շաբաթ, 28 Յունուար 2023-ի երեկոյեան, Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ ի մի խմբուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի հրաւէրով, ուր հարազատ մթնոլորտի մէջ բոլորեցին «Առաջնորդի Ընթրիք»ը՝ ի նպաստ
Ազգային Առաջնորդարանին:
Աւանդական ընթրիքի երեկոն կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը ու Տիկին Հերմինէ Մանուկեանի նախագահութիւնը:
Ներկայ էին Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Տեսուչ՝ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Պատւոյ Հիւպատոս՝ Պարոն Լեւոն Աֆէյեան, Քեպէքի Խորհրդարանի անդամ՝ Տիկին Սոնա Լախոյեան, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամ՝ Տիկին Սեդա Թոփուզեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, հոգեւորականաց դասու Կրօնական ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Պատգամաւորներ, Ազգային Երեսփոխաններ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Շքանշանակիրներ, Գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող բարերարներ, բարեկամներ եւ ազգայիններ:
Երեկոն սկսաւ բարի գալուստի խօսքով, զոր արտասանեց օրուան հանդիսավարը՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան:
Բարի գալուստի խօսքէն ետք Հայր Սուրբը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որպէսզի կատարէ ճաշի օրհնութիւնը։
Յանուն Ազգային Վարչութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թէրզեան:
Բարեշնորհ Վարուժան Սարկաւագ, Բարեշնորհ Յարութ Սարկաւագ եւ Բարեշնորհ Եսայի Սարկաւագ Հոգեւոր, ազգային եւ ժողովրդական երգերով ճոխացուցին երեկոն։
Երեկոյթի ընթացքին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս կատարեց կարգ մը պարգեւատրումներ։ Ազգային Առաջնորդարանի «Յովհան Մանդակունի» շքանշանով պատուուեցան. Բարեշնորհ Պետրոս Սարկաւագ Զաքարեան, Տիկին Անի Եաղճեան, Տիկին Աստղիկ Էսմէրեան եւ Տիար Լեւոն Պէնկեան իրենց բազմամեայ անսակարկ ծառայութեան համար։
Իսկ, Արցախի 44 օրեայ պատերազմին Ազգային Առաջնորդարանի մարդասիրական աշխատանքներուն օժանդակող խումբ մը երիտասարդներ, արժանացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր Գնահատագրին։ Անոնք են. Տիկին Ռիթա Ադալլահ, Տիկին Թամար Ապրաքեան, Տիկին Արազ Եաղճեան, Տիկին Նանոր Թապագեան, Տիկին Մարիա Քէօսէյեան, Տիար Աբօ Թռթռեան, Տիար Արէգ Մարգարեան, Տիար Կարի Մինասեան (բացակայ) եւ Տիկին Սեդա Մարաշեալ (բացակայ):
Ապա, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Առաջնորդարանի անցնող մէկ տարուան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսաերիզ մը։
Փակման եւ Օրհնութեան խօսքին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, ապա իր գնահատանքը յայտնեց երեկոյթին յաջողութեան համար գործող բոլոր անձերուն, անփոխարինելի նպաստ բերող բոլոր նուիրատուներուն եւ ներկաներուն, որոնք եկած էն զօրավիգ ու քաջալեր հանդիսանալու Ազգային Առաջնորդարանին ու անոր ազգօգուտ ծրագիրներուն: Իր խօսքին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս թուեց կարգ մը իրագործումներ, որոնք կատարուած են Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ, թէ Գանատայի, թէ Հայաստանի եւ թէ Արցախի մէջ։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ բոլորը աշխատանքները կարելի է իրագործել հաւատալով անոնց տալիք արդիւնքին։ Եթէ կը վստահինք Աստուծոյ մեր բոլոր ծրագիրները օրհնեալ կը դառնան։
Ընթրիքը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով: