26 Aug ՄԻՕՐԵԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ
ՄԻՕՐԵԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ
Հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Քրիստոնէական եւ Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդները կազմակերպած են միօրեայ սեմինար մը, նուիրուած՝ Կիրակնօրեայ, Շաբաթօրեայ եւ Ամէնօրեայ վարժարաններու դաստիարակներուն։
Սեմինարը տեղի պիտի ունենայ, Շաբաթ, Օգոստոս 30-ի առաւօտեան ժամը 9:30-15:30, Առաջնորդարանէն ներս։ Օրակարգը պիտի սկսի տոքթ. Կարինէ Զոհրապեանի դասախօսութեամբ: Կէսօրուան դադարէն անմիջապէս ետք, տեղի պիտի ունենան երկու աշխատանոցներ, որոնք պիտի կեդրոնանան Կիրակնօրեայ եւ Շաբաթօրեայ դպրոցներու դասատուներուն գիտելիքներ փոխանցելու եւ դիւրացնելու համար դասատուներուն նուիրեալ աշխատանքն ու ծառայութիւնը։ Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշխատանոցը պիտի վարէ Սոնիա Քիլէճեան Աճէմեան, իսկ Շաբաթօրեայ դպրոցներունը՝ Տանիա Օհանեան։
Անոնք, որոնք կը փափաքին արձանագրուիլ, կրնան հեռաձայնել Առաջնորդարան 514-856-1200 թիւին եւ կամ գրել prelacy@armenianprelacy.ca ե-նամակի հասցէին։ Սեմինարին մուտքը ազատ է։