ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ ԲԱՐԵՇՆՈՐՀ ԵՍԱՅԻ ՍՐԿ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ

Կիրակի, 19 Փետրուար 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասու փաղանգին միացաւ նուիրեալ նոր զինուոր մը, Թեմիս տարեգրութեանց մէջ արձանագրելով յիշատակելի ու հանգրուանային օր մը: Արդարեւ, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագի ընթացքին քահանայ ձեռնադրեց եւ օծեց Բարեշնորհ Եսայի Սարկաւագ Մանուկեանը, որ վերանուանուեցաւ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ:

 

            Նորընծայ քահանային խարտաւիլակն էր՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, իսկ կնքահայրը՝ Տէր եւ Տիկին Նազար եւ Նինա Չաթալեան:

 

            Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Ազգային Վարչութեան, Ազգային Երեսփոխաններն ու Ազգային Պատգամաւորները, ինչպէս նաեւ գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու ստուար բազմութիւն մը։

 

            Քահանայական ձեռնադրութեան ու օծման արարողութիւնը տեղի ունեցան Ս. Պատարագի ընթացքին, երբ ընծայեալը, խարտաւիլակ Հայր Սուրբին առաջնորդութեամբ խորան բարձրացաւ, եւ հաստատուելէ ետք թէ ան արժանի է այս կոչումին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քահանայութեան հրաւիրեց զինք:

 

            Այնուհետեւ, «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» շարականի երգեցողութեամբ ընծայեալը հրաժարեցաւ աշխարհիկ բոլոր կիրքերէն: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ձեռքը հանգչեցնելով ընծայեալի գլխուն, աղօթեց ըսելով.- «Ես իմ ձեռքս կը դնեմ Եսայի Սարկաւագին վրայ եւ դուք բոլորդ աղօթեցէք, որպէսզի արժանի ըլլայ քահանայական աստիճանին», որմէ ետք ուրարը ընծայեալի պարանոցին վրայ զետեղեց, իբրեւ նշան Քրիստոսի քաղցր լուծին:

 

            «Ողջոյն»էն առաջ, ընծայեալը ստացաւ քահանայական փիլոնը, սաղաւարտը, գօտին ու շուրջառը, ապա, «Խորհուրդ խորին» շարականի երգեցողութեամբ ան առաջին անգամ ըլլալով պատարագի զգեստով զգեստաւորուեցաւ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր շրթներէն հնչեց «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականը, իսկ «Ամէն ալէլուիա, ալէլուիա» շարականէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Միւռոնով օծեց նորընծայ քահանային ճակատն ու երկու ձեռքերը, զայն վերանուանելով Տէր Նշան Քահանայ, ապա, զայն հրաւիրեց տալու առաջին օրհնութիւնը։ Ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը վերջին աղօթքով, նորօծ Քահանային յանձնեց սկիհն ու մաղզմանը։

 

            «Ողջոյն տուք միմեանց» շարականի ընթացքին, ձեռնադրիչ Առաջնորդ Սրբազանը եւ հոգեւորականները առաջին ողջոյնը ստացան նորաօծ քահանայէն։

 

            Արարողութեան աւարտին իր պատգամը ուղղելով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հակիրճ կերպով բացատրեց արարողութեան ընթացքին բարձրացուած աղօթքներուն իմաստն ու նպատակը։

 

Իր քարոզին սկիզբը Բաբգէն Արքեպիսկոպոս վեր առաւ Եսայի մարգարէի կեանքը, որ Տիրոջ կանչին ականջ տալով ինքզինք յանձնեց Տիրոջ խօսքի քարոզութեան։ Նոյն ձեւով Եսայի Սարկաւագը ականջ տալով Տիրոջ կանչին ինք եւս իր անձը ընծայաբերեց Աստուծոյ, Տիրոջ Խօսքը քարոզելու եւ լոյս դառնալու այս աշխարհի վրայ։

 

            Իր խօսքը ուղղելով նորաօծ քահանային, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց  զայն, որպէսզի հոգեկան ամրութեամբ  Աստուծոյ խօսքերուն ու պատուիրաններուն սերմնացանը դառնայ, իր հաւատքին մէջ մնայ հաստատ ու Աստուծոյ հանդէպ ծառայութիւնը կատարէ սիրով ու հաւատարմութեամբ։ « Դուն այսօր Նշան անունը ստացար, այդ նշանը Խաչի նշանն է, յաղթութեան նշանն է։ Այդ նշանը զոհողութեան, սիրոյ ու նուիրումի նշանն է։ Այդ նշանը բարձր պահէ քու անունովդ, քու կեանքովդ, քու ծառայութեամբդ ու առաքելութեամբդ»։

 

            Ս. Պատարագի աւարտին, կնքհահօր աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ նորընծայ Քահանայ Հօր լուացումի արարողութիւնը։

 

            Ս. Պատարագէն ետք, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ,  ի պատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեանին։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us