06 Sep Հրանդ Վարդապետ կը ստանայ Լանջախաչ կրելու իրաւունք
Հոգեշնորհ Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան
կը ստանայ Լանջախաչ կրելու իրաւունք
10 Յունիս 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Սրբատառ Կոնդակով, Լանջախաչ կրելու իրաւունք կը շնորհէ Հոգեշնորհ Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանին։
Վեհափառ Հայրապետը իր Կոնդակին մէջ կը գրէ. «Ի գնահատութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս որպէս Կիլիկեան Ուխտի Միաբան Ձեր մատուցած ծառայութեան, այսու Հայրապետական Կոնդակաւ Ձեզի կը շնորհենք Վարդապետական Լանջախաչ կրելու իրաւունք։ Կ՚օրհնենք Ձեզ, եւ կ՚աղօթենք Ամենաբարին Աստուած որ իր շնորհաց հեղումով ֆիզիքապէս ու հոգեպէս զօրացնէ Ձեզ, որպէսզի վերանորոգ նուիրումով շարունակէք Ձեր հոգեւոր առաքելութիւնը»։
19 Օգոստոս 2016-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան երբ իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Վանգուվըրի համայնքին, նոյն երեկոյեան, Հրաշափառի արարողութեան աւարտին, իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետի Կոնդակը եւ Հրանդ Վարդապետին պաշտօնապէս փոխանցեց Կոնդակն ու վիզէն անցուց Լանջախաչը։