Շաբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» Դահլիճէն ներս ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին շնորհաւորելու համար Առաջնորդ Սրբազանը, Ազգային Երետփոխանական ժողովին կողմէ երկրորդ քառամեակի մը համար թեմակալ Առաջնորդ Վերընտրութեան առթիւ։

Բիւրոյի ներկայացուցչական կազմը կը գլխաւորէր՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Պրն. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Պրն. Րաֆֆի Տօնապետեանի, իսկ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն կը գլխաւորէր Պրն. Մհեր Գարագաշեանը։ Ներկայ էին նաեւ Ազգային Առաջնորդարանիս Ազգային Վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետին՝ Պրն. համբիկ Գարայեանին։

Հանդիպումը առիթ եղաւ քննարկելու Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան ծիրէն ներս տարուող աշխատանքներուն ու ճիգերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին, ի մասնաւորի կրթութեան ոլորտին բարեփոխութեանց եւ մանաւանդ խաղաղ համակեցութեան կարեւորութեան մասին։

Քննարկման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ ազգ-եկեղեցի անքակտելի կապի կարեւուրութեան մասին, որոնք իրարմով զօրացած ընդմիշտ դիմակայած եւ բոլոր ժամանակներու դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց ՀՅԴ-ի բոլոր աշխատանքներն ու ջանքերը, թէ սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ։ Ան վեր առաւ միասնութեան, գործակցութեան ու արդիւնաւոր գործի հրամայականները, նշելով, որ ՀՅԴ-ի բեռը ծանր է, բայց վաստակն ու դրաւոր փորձառութիւնը ընդարձակ։