ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ԵՒ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆՆ ՈՒ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՄԷՋ

 

Սուրբ Խաչի Վերացման տաղաւար տօնին, Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյնաւակատիքին, ինչպէս նաեւ Մուսա Լերան Յիշատակութեան առիթով, Կիրակի, 12 Սեպտեմբեր 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, յաւուր պատշաճի իրպատգամը փոխանցեց եւ Մատաղի օրհնութիւն կատարեց, Գէմպրիճի ու շրջակայից՝ Ս. ՆշանՀայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին պարգեւելով հոգեպարար պահեր:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ Սրահին մէջ։ Ս. Խորանինծառայեցին Ս. Նշան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տ. ԳեղարդԾայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանն ու եկեղեցւոյ դպրաց ու սարկաւագաց դասիանդամները: Ս. Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ «Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեան» կրտսերաց դպրաց դասը՝ղեկավարութեամբ  տիկին Հիլտա Գանտահարեանի։

Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամները, շրջանի ԱզգայինԵրեսփոխանները, Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կազմն ու հաւատացեալներ։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը   վեր առաւ Խաչվերացի տօնն ու անորմէ բխած Ս. Խաչի զօրութեան պատգամը, նշելով որ Խաչին նուիրուած տօներուն մէջ Խաչվերացը ունի իրբացառիկ կարեւորութիւնը, որովհետեւ խաչի գերեդարձի պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդըունեցած է իր մասնակցութիւնը: Ան շեշտեց, որ այս տօնին, Ս. Խաչին ընդմէջէն Խաչեալինփրկագործութեան յիշատակն է որ կը կատարենք, որուն պատարագումով՝ խաչըվերածուեցաւ յոյսի, փրկութեան, յաղթանակի, զոհողութեան ու նուիրումի խորհրդանիշի։

Անդրադառնալով Մուսա Լերան Հերոսամարտի Յիշատակութեան տօնին, ԱռաջնորդՍրբազանը նշեց, որ բուռ մը ժողովուրդ քառասուն օրեր շարունակ դիմադրեց թշնամիին, տուաւ նահատակներ, ունեցաւ մեծ կորուստներ, սակայն այսօր, հերոս ժողովուրդիժառանգորդներուն հետ միասին, ամբողջ հայ ժողովուրդը հպարտութեամբ ուբարձրաճակատ կը յիշէ, երբ մեր ժողովուրդը կ՚ապրի օրհասական պահեր, յատկապէս այսօրերուն Լիբանանի մէջ։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց ներկաները ապաւինելու Ս. Խաչի փրկարարզօրութեան, Խաչն ու Խաչեալը ուղենիշ դարձնելով մեր կեանքերուն մէջ, եւ աղօթք բարձրացուցառ Բարձրեալն Աստուած, որպէսզի օրհնէ մեր նահատակներուն զոհաբերութիւնը, բոլորիսպարգեւէ անոնց պատգամը չդալկացնելու կամքն ու կենսունակութիւնը, եւ մերհերոսամարտներէն բխած պատգամները ամենօրեայ ներկայութիւն ընէ մեր առօրեային մէջ: Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ աւանդական Ռէհանօրհնութիւնն ու Մատաղօրհնէքիարարողութիւնը:

Նշենք նաեւ, որ նոյն շաբաթավերջին Թեմիս Ազգային Վարչութիւնը նախագահութեամբԱռաջնորդ Սրբազան Հօր, գումարեց իր լիակատար ժողովը՝ Գէմպրիճի մէջ։

 

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us