ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐ

 
 
Ինչպէս յայտնած էինք, հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մեկենասութեամբ Մոնթրէալաբնակ Ազգային Բարերար Տիկին Շաքէ Կէօնճեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը Ապրիլին մեկնարկը դրաւ Թեմիս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու նոր դասագիրքերու պատրաստութեան:
 
Յիշեցնենք, որ ծրագիրը նկատի ունէր Կիրակնօրեայ Դպրոցներու 6-7, 8-9 եւ 10-11 տարեկան աշակերտներուն համար կրօնական, եկեղեցական եւ բարոյագիտական բովանդակութեամբ դասագիրքեր պատրաստել, որոնք պիտի օգտագործուին Թեմիս բոլոր Կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ՝ նախատեսուած բոլոր տարիքի աշակերտներուն: Ծրագիրը կ’ընդգրկէ աշակերտական դասագիրք, ուսուցչի ուղղեցոյց եւ խաղի ու վարժութիւններու տետրակ։
 
Այսու ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ վերոնշեալ ծրագրի առաջին դասագիրքը (6-7 տարեկան աշակերտներու համար նախատեսուած) պատրաստ պիտի ըլլայ եւ պիտի ներկայացուի Օգոստոս 6-ին, Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչաց աշխատանոցին, որ տեղի պիտի ունենայ Քինկըսթընի մէջ, մասնակցութեամբ Թեմիս Կիրակնօրեայ դպրոցներու բոլոր ուսուցիչներուն:
 
Նշենք, որ սոյն ծրագրին պատասխանատուն է Արշաւիր Գաբուճեանը, համագործակցութեամբ՝ հոգեբան-մանկավարժ Սիւզաննա Սարգսեանի եւ արուեստի ձեւայղացման մասնագէտ Շուշան Գէորգեանի: Աշխատանքները կ’ընթանան Առաջնորդ Սրբազան Հօր անմիջական հսկողութեամբ:
 
Նոր սերունդի հոգեւոր դաստիարկութեան նպաստող այս կարեւոր առաքելութիւնը կը ձգտի օժանդակութեան ձեռք մեկնել Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներուն, որպէսզի Աստուածաշունչն ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը սիրելի ու հաճելի դառնան աշակերտներուն, որովհետեւ, Աստուածաշունչն է հիմքը մեր հաւատքին ու քրիստոնէավայել վարքին։
 


If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us