ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՕՐԵԱՅ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

 
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին, Շաբաթ, 6 Օգոստոս 2022-ին, Քինկըսթընի մէջ տեղի ունեցաւ Թեմիս Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչաց տարեկան աշխատանոցը՝ մէկտեղելով աւելի քան 30 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ եւ դպրոցներու տեսուչներ։
 
Ներկայ էին նաեւ Հոգեւոր Հովիւներ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանն ու Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեանը։
 
Աշխատանոցը համակուած էր քրիստոնէական, եկեղեցագիտական, դաստիարակչական եւ Ս. Գրային ներկայացումներով։ Նկատառելի էր մանաւանդ դասախօսութիւնները, որոնք ունէին մասնագիտական, մանկավարժական, հոգեբանական ու մեթոտաբանական մօտեցումներ։
 
Աշխատանոցը առաջին հերթին անդրադարձաւ Թեմիս Կիրակնօրեայ դպրոցներու նոր դասագիրքերուն, որոնք պիտի օգտագործուին Թեմիս բոլոր Կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ՝ 6-7 տարիքի աշակերտներուն համար:
 
Հայաստանէն տեսակապի միջոցաւ կապ հաստատուեցաւ սոյն դասագիրքերու պատասխանատուին՝ Danish-Armenian Charitable Mission-ի տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեանին, հոգեբան-մանկավարժ Սիւզաննա Սարգսեանին եւարուեստի ձեւայղացման մասնագէտ ՇուշանԳէորգեանին հետ, որոնք մանրամասնօրէն ներկայացուցին դասագիրքերուն կրօնական, եկեղեցական եւ բարոյագիտականբովանդակութիւնը, մանկավարժական մօտեցումները, դասաւանդման մեթոտաբանութիւնն ու անոր կից՝ աշխատանքային ատենամարզանքի, վարժութիւններու եւ հմտութիւններու օժանդակող նիւթերը։
 
Այնուհետեւ, Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն մը։
 
Երկրորդ դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Հոգեբան Նորա Շիթիլեանը, Լոս Անճէլըսէն, որուն նիւթին կորիզը կը կազմէր՝ ուսուցանելու պարգեւը, պատիւը եւ պատասխանատուութիւնը թեման։ Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց ուսուցչութեան արուեստի ու հմտութեանց կարեւորութիւնը՝ մատղաշ սերունդները քրիստոնէական շունչով դաստիարակելու համար։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրըօրհնութեան ու գնահատանքի խօսքով եզրափակեց աշխատանոցը։ Ան անդրադարձաւ Կիրակնօրեայդպրոցի ուսուցիչին զոհողութեան եւ նուիրումին` շեշտելով, որ միայն հաւատքով կատարուած գործըկ՚արգասաւորուի, հետեւաբար մենք մեր հաւատքովամուր պարիսպ պէտք է ըլլանք մեր պատանիներուն ու երիտասարդներուն համար:
 
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեցաշխատանքը բոլոր կիրակնօրեայ դպրոցիուսուցիչներուն, որոնք օրէ օր աւելի նոր եւարդիական միջոցներով կը զարգացնենկիրակնօրեայի ծրագիրը, եւ նշեց, որ սոյնպիսի հանդիպումները միայն աշխատանոցներ չեն, այլնաեւ հոգեւոր մեր կեանքը աւելիով ամրապնդելուառիթներ:
Աշխատանոցը աւարտին հասաւ Կիրակնօրեայի քայլերգով, Տէրունական աղօթքով եւ «Պահպանիչ»-ով։
 


If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us