12 Aug ԱՍՏՈՒԱԾԱՅՄԱՅՐԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՄԷՋ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՅՄԱՅՐԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՄԷՋ
«Մի՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար։ Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի» (Ղկ. 1.30-32)
Գալիլիայի Նազարէթ քաղաքին մէջ ապրող Մարիամ անունով կոյսի մը տրուած երկնառաք աւետալուրն էր այս աւետարանական համարահատուածը, փոխանցուած՝ Գաբրիէլ Հրեշտակապետին կողմէ։ Աւետիս մը, որ յեղաշրջեց համամարդկային պատմութեան ընթացքը, քաղաքական, ընկերային եւ բարոյական հասկացողութեամբ։ Ս. Կոյս Մարիամ կանանց մէջ դարձաւ առաջին յեղափոխը, երբ յաղթական ու բարձրաձայն ձայնով ըսաւ. «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր եւ ցնծասցէ հոգի իմ Աստուծով Փրկչաւ իմով»։ Ինք դարձաւ բոլոր մայրերուն Մայրը եւ տիկիներուն Տիկինը երբ մայրաբար իր արգանդին մէջ Մեսիան ընդունեց. «Դասք անմարմնոց հրեշտակաց քեզ երանեն ամենօրհնեալ Կոյս Մարիամ. որ զէակից Բանն որ ընդ Հօր կրեցեր ի քեզ անսերմնապէս», հակառակ իր երկրածին, տկար եւ հողանիւթ շինուածքին։
Աստուածածնայ արժէքը միայն Աստուածորդիին ծնունդ տալուն մէջ չէ որ կը տեսնենք, այլ նաեւ՝ մայրութեան, սրբութեան, մաքրութեան, անմեղութեան, գուրգուրանքին ու բարեխօսութեան մէջ։
Հայ եկեղեցւոյ վարդապետութեան, հաւատքին, հոգիին, ծէսին ու շարականին մէջ յատուկ ու մեծ տեղ կը գրաւէ Աստուածամօր ներկայութիւնը։ Մեր եկեղեցին կը հաւատայ Ս. Կոյս Մարիամի արագահաս բարեխօսութեան. ինչպէս կը յիշուի մեր աղօթքներէն մէկուն մէջ. «Եւ Վասն Սրբուհւոյ Աստուածածնին Բարեխօսութեանն, Տէր՛, Ընկալ զԱղաջանս Մեր եւ Կեցո զՄեզ»։
Երբ պահ մը խորհինք Աստուածածնայ մասին, մեր միտքին մէջ կը ծագի հետեւեալ հարցումը, թէ ինչո՞ւ Աստուած Մարիամը ընտրեց Աստուածորդին յղանալու ու ծնունդ տալու համար Բեթղէհէմի մէջ։ Ի՞նչ կ’ապացուցէ այս մէկը։
Եբրայական թարգմանութեան համաձայն Բեթղէհէմ կը նշանակէ «Հացի տուն» եւ նաեւ «Իր երդումը»։ Այս բացատրութեանց մէջ երկու կարեւոր կէտեր կը նշմարենք։
ա. Աստուած մարգարէներու միջոցաւ դաշինք կնքեց մարդուն հետ եւ խոստացաւ Փրկիչը ղրկել աշխարհ որպէս հաշտութեան նոխազ, այսինքն հաստատեց խոստումը եւ կատարեց երդումը։ Ահա հոս կը գտնենք Աստուածամօր արժէքը եւ անոր աննախընթաց զոհողութիւնն ու նուիրումը։ Ինք կամուրջ դարձաւ Աստուած եւ մարդ յարաբերութեան ու հաշտութեան։ Բեթղէհէմի պզտիկ մսուրը դարձաւ խորան, դարձաւ արքունիք։ Կարելի չէ երբեք նուազ դասել Ս. Կոյսին դերը աստուածային փրկագործական ծրագիրին մէջ։ Աստուածածինը Քրիստոսի միջոցաւ, ձեւով մը դարձաւ մարդկութեան եթէ ոչ փրկիչ՝ գէթ ուղղին ու միջոցը փրկութեան։
բ. Հետաքրքրական է նաեւ Պէթ Լահմ (Հացի տուն) բառին կապակցութիւնը Աստուածամօր հետ։
Երբ կը կարդանք Հայ դիցաբանական մեր պատմութիւնը հոն կը հանդիպինք Նանէ անունով չաստուածուհիի մը։ Նան պարսկերէն հաց կը նշանակէ։ Նանէն մեր դիցաբանական պատմութեան մէջ, մայրութեան, սնունդի ու առատաձեռնութեան դիցուհին եղած է։ Հացը կեանքի խորհրդանիշն է։ Հացը բերքի առատութեան պտուղն է։ Անիկա յարատեւութեան, աճելու, շատնալու ու ծնունդ տալու, տան օրհնութեան եւ մանաւանդ մայր ըլլալու կեանքի կենսական պահանջքն է։ Ահա թէ ինչու Աստուածամայրը այս բոլոր բարիքները, սէրը, մայրութիւնը, գուրգուրանքը, ապրեցաւ Աստուածածինի վայելող ու սազող մօր մը պէս։
Մարիամ Աստուածածինի վարքն ու տիպարը, այսօր անգամ մը եւս պէտք է ներթափանցեն իւրաքանչիւր մօր հոգիին ու կենսաոճին մէջ։ Գլխագիր մայր ըլլալու առաջին նախապայմանը մայրութեան մէջ կը կայանայ։ Ինչպէս Աւետարանը կ’ըսէ, ծառը իր պտուղէն կը ճանչցուի, այսինքն՝ իւրաքանչիւր մօր օրհնութիւնն ու գութը անպայման որ իր պտուղը կու տայ։
Հայ մայրը այսօր մեծ դեր ունի կատարելիք որպէս տան քահանայ, ուսուցիչ, սնուցիչ, դաստիարակիչ եւ դէպի ապագայ տանող ճամբայ։ Ընկերութեան մը ճակատագիրը գծող ու անոր ապագան որոշող նախագիծին մէջ մայրը մեծ դեր կը խաղայ, մանաւանդ հայ շրջանակին մէջ, հոգեւոր ու կրօնական առողջ դաստիարակութիւն տալով։ Ահա թէ ինչու պէտք է նայիլ Աստուածածինի ապրած կեանքին, անոր կատարեալ մայրական բծախնդրութեան եւ անոր կենցաղատիպարը դրսեւորել մեր հայ ընտանիքներէն ներս։
Թող որ «Անհարսնացեալ Մարիամ», «Կենդանի Տապանակը», «Լոյսի Խորանը» եւ «Տիեզերքի Թագուհին» Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինը, իր անսպառ ու մշտահոս բարիքները, մայրական գութը, սէրն ու գորովը պարգեւէ մեր բոլորին, բարեխօսելով առ Միածին Որդիին, որ Հօր աջ կողմը կը նստի, եւ որ միշտ փառաւորուած է երկնածին եւ երկրածին արարածներուն կողմէ, յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
ՎԱՐԴԱՆ ԱԲՂ. ԹԱՇՃԵԱՆ