ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ

«Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» դասընթացքի երկրորդ դասապահը տեղի ունեցաւ՝Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2024-ին, օրհնութեամբ՝Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի,Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, եւկազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի«Ուսումնագիտական ԾրագիրներուԲաժանմունքին»։

 

Դասընթացքի դասախօս՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէկեան, խօսեցաւ Աստուծոյ գոյութիւնը ապացուցող՝ տիեզերաբանական, բարոյական, էաբանական եւ այլ փաստարկներու մասին, ինչպէս նաեւ՝անդրադարձաւ մարդկային կեանքի իրականութեան մէջ, բարի եւ ամենակարող Աստուծոյ եւ չարի ու չարիքի գոյակցութեան իրողութեան, ապա նաեւ՝ աստուածճանաչութիւնը Քրիստոսի անձին եւ հաւատացեալի փորձառական կեանքին ընդմէջէն թեմաներուն։ Աւարտին, Հայր Գեղարդ պատասխանեց երիտասարդներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն։  

 

Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն(ՀԵՍԳՈ) տարրական այս դասընթացքը իւրայատուկծրագիր մըն է, որ կը միաձուլէ սուրբ գրային եւտեսական աստուածաբանութեան մօտեցումները։ 

 

Դասընթացքի առաջին կիսամեակը կ՚աւարտիՄայիսին իսկ երկրորդը կը սկսի՝ Սեպտեմբեր 2024-ին։

 

Սոյն դասընթացքը մաս կը կազմէ ԱզգայինԱռաջնորդարանի հիմնական ծրագիրներուն, որպիտի ունենայ շարունակական ընթացք եւիւրաքանչիւր նոր կիսամեակի պիտի ընդունի նորդիմողներ։ Յաջորդ կիսամեակին մասնակցիլփափաքողները կրնան դիմել ԱզգայինԱռաջնորդարան։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us