18 Jun ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ Ս
Կիրակի, 18 Յունիս 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նախագահեց Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Կրտսեր Դպրաց Դասի Երգչախումբի ամավերջի հանդէսին, նուիրուած՝ Կոմիտաս Վարդապետին։
Մանուկներու բերանով կարդացուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի կեանքը, գործունէութինը եւ մեծանուն արուեստագէտներու վկայութիւնը իր մասին:
Մանուկները հիանալի ձեւով կատարեցին – Գնա – գնա, Քելէ -Քելէ, Հոյ Նազան, Ալակեազ Խնկի, Անձրեւն Եկաւ, Իմ չինարի Եարը, Կաքաւիկ եւ այլ երգեր։
Կատարումներէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, Հոգաբարձութեան անդամներուն, Երգչախումբի ղեկավար՝ Վարուժան Սրկ. Մարգարեանին, դաշնակահար՝ Շանթ Ապրալեանին, եւ Կրտսերաց Դպրաց Դասի կազմակերպչական յանձնախումբի անդամներուն ժրաջան աշխատանքը։ Ինչպէս նաեւ գնահատեց մանուկներն ու անոնց ծնողները, որոնք ամէն շաբաթ առանց բացակայելու կը մասնակցէին փորձերուն։
Ապա, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս երգչախումբը մկրտեց ԿԱՔԱՒԻԿ անունով։
Հանդէսը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։