14 Dec Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հիւրրնկալեց ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն
Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի նորընտիր կազմի անդամները։ Հանդիպման ներկայ էն նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Պրն. Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Ազգային Վարչութեան անդմներըը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, շնորհաւորեց նորընտիր Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ իրենց բոլոր աշխատանքներուն։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայութիւնը յուզող խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ մեր հաստատութիւններուն եւ կառոյցներուն վերակենսաւորման եւ աշխատանքներու ձեւերու վերանայման։ Աւարտին շեշտուեցաւ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս միասնական համագործակցութիւնը։