20 Jun ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀՕՄ-Ի «ԳՈԼՈԼԵԱՆ» ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ 8-ՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ
Ուրբաթ, 17 Յունիս 2022-ի յետմիջօրէին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ներկայ գտնուեցաւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Գոլոլեան» Նախակրթարանի 8-րդ դասարանի ամավերջի եւ վկայականաց բաշխման հանդիսութեան եւ իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան:
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց դպրոցի տնօրէնութիւնը, կրթական մշակներն ու ծնողները եւ ապա դրուատեց հայ վարժարանին առաքելութիւնը, որուն նպատակն է հայեցի դաստիարակութիւնը, աշակերտներուն մտքի հասունացումն ու ազգային գիտակցութեան ճշմարիտ եւ հարազատ կնիքի հաստատումը մատղաշ սերունդներուն գիտակցութեան ու հոգիին մէջ, շեշտելով, որ Հայ Վարժարանը մեր աշակերտներուն սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ կը ցանէ այն սերմերը, որոնք եկած են մեր հաւատքի ակունքներէն, մշակոյթի աղբիւրէն ու ազգային պատմութենէն: Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց շրջանաւարտները, որոնք բարձր թռիչքով, հայու հոգիով, հայու առաքելութեամբ ու հայու հպարտութեամբ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը, հայ վարժարանին մէջ։