ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Երկուշաբթի, 4 եւ Երեքշաբթի, 5 Յուլիս 2022-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Հայրապետանիստ Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին եւ Կիլիկիա թանգարանի սրահին մէջ կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը։
 
Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ ու միաբան հայրերու մասնակցութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած ժամերգութեան աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ անցնող տարիներուն Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութենէն առ յաւէտ հեռացած վախճանեալ միաբաններու հոգիներուն համար։
 
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Վեհարանի Դահլիճին մէջ, Տէրունական աղօթքով սկիզբ առաւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի բացման նիստը։ Ժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի բացատրական խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ ժամանակաւոր եւ մնայուն դիւաններու ընտրութիւն, օրինականացնելու ժողովական ընթացքը։ Ժամանակաւոր դիւանն էր Միաբանութեան երիցագոյն եւ կրտսերագոյն անդամները՝ Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան եւ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեան. իսկ մնայուն դիւանը՝ համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան ու Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան. ատենադպիրներ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։ Ժողովը նաեւ ընտրեց Բանաձեւի Յանձնախումբը՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան, Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան եւ Գերպ. Տ. Շնորհք Ծ. Վրդ. Աշըգեան։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր հայրական խօսքն ու պատգամը։
 
Նորին Ս. Օծութիւնը իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք միաբան հայրերուն՝ շեշտեց, որ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին նպատակն է, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթղիկոսութեան ուխտեալ միաբաններ, միասնաբար քննել, անդրադառնալ եւ բարձրաձայն մտածել եւ լուծումներու մասին խորհիլ ներկայ ժամանակներուն եկեղեցիին, եկեղեցականին ու մեր ժողովուրդին կեանքը յուզող խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու մասին։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Միաբանութեան անդամներուն վարքագծերուն եւ նոր օրերու պայմաններու հարցերը լուսարձակի տակ բերաւ՝ յորդորելով յատկապէս նոր սերունդի միաբանները, պահպանելու Կիլիկեան միաբանի աւանդական կեցուածքներն ու ըմբռնումները՝ հոգեւորական ասպարէզին նկատմամբ: Վերջապէս, միաբան հայրերու միջեւ սիրոյ ու եղբայրութեան զգացումներուն ամրապնդման կարեւորութիւնը շեշտեց Նորին Ս. Օծութիւնը:
 
Հայրապետին խօսքէն ետք, երկրորդ նիստին, Շահան Արք. Սարգիսեան ընթերցեց Տնօրէն ժողովի զեկոյցը, որմէ ետք Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան ընթերցեց Միաբանական Կանոնագրութեան զեկոյցը։ Ապա, կատարուեցաւ Տնօրէն ժողովի նոր անդամներու ընտրութիւն՝ բաղկացած հետեւեալ միաբաններէ՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան։
 
Ժողովը յաջորդական եօթը նիստերու ընթացքին գլխաւոր չորս դասախօսութիւններու, զեկոյցներու եւ քննարկումներու ընդմէջէն մտասեւեռումի նիւթ դարձուց հետեւեալ թեմաները.- ա) «Միաբանութիւն եւ Առաքելութիւն» (Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան). բ) «Դպրեվանքի Առաքելութեան Վերարժեւորում» (Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան). գ) «Միջ-եկեղեցական եւ միջ-Կրօնական» (Գերպ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան). դ) «Գործակցութիւն Նուիրապետական Աթոռներու Հետ» (Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան):
 
Իւրաքանչիւր դասախօսութենէ ետք միաբան հայրեր չորս խումբերու բաժնուելով տուեալ նիւթին շուրջ քննարկումներ եւ Միաբանութեան առաքելութիւնը առաւել եւս կենսագործելու նպատակադրող առաջարկներ կատարեցին եւ ապա, նիստերու աւարտին Բանաձեւի Յանձնախումբը ժողովին ներկայացուց Միաբանութեան ծառայական առաքելութեան յառաջիկայ շրջանի ուղեցոյցը, ուր յստակօրէն պարզուած էին Վեհափառ Հայրապետին կատարած ցուցմունքները ու թելադրանքները։
 
Երկօրեայ դասախօսութեանց եւ քննարկումներու աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը փոխանցեց իր հայրական եզրափակիչ խօսքը։ Ան լուսարձակի տակ առնելով մեր Ս. Աթոռին առաքելութեան յատկանշական բնագաւառները՝ շեշտեց, որ այսօր հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռը կը գտնուի բարձրունքի վրայ, սակայն պէտք չէ մեր հասած բարձրունքով գոհանանք եւ բաւարարուինք, այլ պէտք է ամէն օր նոր նուաճումներ արձանագրենք։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ հոգեւորականի կեանքին առանցքը կը կազմէ հոգեմտաւոր կազմաւորումը, որպէսզի ան կարողանայ քայլ պահել այսօրուան աշխարհին հետ եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքները հոգայ՝ միշտ ըլլալով անոնց հետ ու անոնց կողքին։
 
Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց Միաբան Հայրերուն՝ անոնց մաղթելով յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք իրենց եկեղեցական ու ազգային ծառայական կեանքին ու առաքելութեան մէջ։
 
Երկօրեայ Ժողովը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոս»ի շարականի, «Կիլիկիա» օրհներգի եւ «Ի վեհ Բարձանց» Հայրապետական մաղթերգի միաբան հայրերու միաբերան երգեցողութեամբ։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու անոր Միաբանութիւնը։
 
Վեհափառ Հայրապետին բացման թէ եզրափակիչ հայրական խօսքերը ուղեցոյց հանդիսացան Միաբանութեան յառաջիկայ կեանքին ու գործունէութեան: Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը առիթ հանդիսացաւ Կիլիկեան Միաբանական Ուխտին վերանորոգման: Միաբան հայրերուն ժամերգութեանց եւ Ս. Պատարագի հաւաքական մասնակցութիւնը առաւել եւս զօրացուց Կիլիկեան Միաբանութեան պատկանելիութիւնը եւ մեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին նկատմամբ իւրաքանչիւր միաբանի հաւատարմութիւնը: Երէց եւ նոր սերունդներու միաբաններու միասնական քննարկումներն ու սրտբաց զրոյցները փոխադարձ սիրոյ ու անկեղծութեան մթնոլորտի մէջ տեղի ունենալով, առաւել եւս սերտացուցին անոնց միջեւ եղբայրական կապը:
 
Նշենք, որ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովէն բանաւոր բացակայ էին վեց միաբան հայրեր։
 
 


If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us