«ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԸՆԹՐԻՔ» Ի ՆՊԱՍՏ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ, ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ԵՒ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ 75 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Օնթարիոյ եւ Քեպէքի Կանանց Խորհուրդներուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի ի նպաստ՝ «Առաջնորդի Ընթրիք»-ը Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ՝ 4 Փետրուար 2018-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնէն ներս: Ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնած էին Տէր եւ Տիկին Շանթ եւ Ալին Ղազարեանները. իսկ Մոնթրէալի մէջ «Առաջնորդի Ընթրիք»-ը տեղի ունեցաւ՝ 11 Փետրուար 2018-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնէն ներս. այս ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեանը։

Երկրորդ տարին ըլլալով սոյն նախաձեռնութիւնը, լուսարձակի տակ կ’առնէ Ազգային Առաջնորդարանի աշխատանքներն ու ծրագիրները եւ անոր ընդմէջէն առիթը կ’ունենայ իր բարերարներուն, ազգայիններուն, գործակիցներուն եւ ընդհանրապէս իր մեծ ընտանիքին ներկայանալու եւ անդրադառնալու իր կատարած եւ իրագործած աշխատանքներուն ու ապագայի ծրագիրներուն մասին։

Մոնթրէալի մէջ՝ ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան՝ Մեծարգոյ Տիար Լեւոն Մարտիրոսեան եւ իր տիկինը Նանէ Մարտիրոսեան իրենց երկու զաւակներով։ Պարոն Դեսպանին կ’ընկերակցէր Հիպատոս՝ պարոն Սասուն Յովհաննէսեանը։ Պարոն Դեսպանը խօսք առնելով, ներկայ ազգայիններուն փոխանցեց հակիրճ անդրադարձ մը դեսպանատան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին եւ գնահատեց Գանատայի հայ գաղութի անվերապահ աջակցութիւնը՝ Հայրենիքին։

Զոյգ ձեռնարկներու ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պարգեւատրեց Թորոնթոյէն տիար Գրիգոր Շիթիլեանն ու Մոնթրէալէն տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ շնորհուած «Կիլիկեան Ասպետ»-ի շքանշաններով՝ իրենց բազմամեայ նուիրական ծառայութեան համար։ Մոնթրէալի մէջ պատուուեցաւ նաեւ տիար Արմէն Ալէմեան՝ արժանանալով Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Անանիա Շիրակացի» շքանշանին՝ իր բազմամեայ ազգային, մշակութային եւ մասնագիտական ծառայութեան համար։

«Առաջնորդի Ընթրիք»-ին Թորոնթոյի մէջ իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին արուեստագէտներ՝ Վարդան Գաբրիէլեան, Լին Իշնար, Զարեհ Մարգարեան, Արթուն Միսքճեան եւ Ուանէս Մուպայէտ, իսկ օրուան հանդիսավարներն էին՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան եւ Նաթալի Կէօքչէնեան։ Իսկ Մոնթրէալի մէջ, արուեստագիտուհի Անահիտ Յակոբեան, ճոխացուց երեկոն գեղարուեստական յայտագրով. Երեկոյի հանդիսավարն էր՝ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան։

Ձեռնարկներու ընթացքին խօսք առաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ տիկին Ծովիկ Թերզեան եւ ներկայացուց Ազգային Առաջնորդարանի Խորհուրդները, վարչական աշխատելաձեւը եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք անվերապահ ներդրում կը բերեն Առաջնորդարանի աշխատանքներուն։ Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր՝ Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւնը։

Իսկ «Առաջնորդի Ընթրիք»-ներու աւարտին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր փակման խօսքին մէջ ըսաւ. «Կը գիտակցինք, որ մեր Թեմի զաւակներուն աչքերը մեզի կը նային եւ կը սպասեն որ Ազգային Առաջնորդարանն ու իր եկեղեցիները, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը՝ իր հոգաբարձական կազմերով, հոգատար եւ գուրգուրոտ վերաբերմունք ցուցաբերեն իրենց երաշխաւորելով Քրիստոսով սնուած եւ ազգային արժէքներով դրոշմուած կեանք մը»։

Շնորհակալական մեր խօսքը կը փոխանցենք Ազգային Առաջնորդարանիս բոլոր բարերարներուն, նուիրատուներուն եւ կամաւորներու փաղանգին, որոնց ամբողջական զօրակցութեամբ է, որ Ազգային Առաջնորդարանս կ’իրագործէ իր բոլոր նախաձեռնութիւնները։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին։

 

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us