ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ
«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

Մինչ այդ, Սօղոս կը շարունակէր սպառնալիք ու մահ թափել Տիրոջ աշակերտներուն վրայ:
Քահանայապետին քով երթալով, անկէ խնդրեց որ Դամասկոսի ժողովարաններուն ուղղուած նամակներ տայ,
որպէսզի հոն եթէ Տիրոջ ճամբուն հետեւողներ գտնէ, այր թէ կին, ձերբակալէ եւ Երուսաղէմ բերէ: Գացած
ատեն, մինչ Դամասկոսի կը մօտենար, յանկարծ երկինքէն լոյս մը փայլատակեց իր շուրջ: Սօղոս գետին
ինկաւ եւ լսեց ձայն մը, որ իրեն կ’ըսէր.– Սօղո՛ս, Սօղո՛ս, ինչո՞ւ կը հալածես զիս:– Ո՞վ ես, Տէ՛ր,- հարցուց
ինք: Ձայնը պատասխանեց.– Ես Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես: Հիմա ոտքի՛ ել եւ քաղաք մտիր. հոն քեզի
պիտի ըսուի ինչ որ պիտի ընես: Սօղոսի ընկերացող մարդիկը անշշունջ կեցեր էին. միայն ձայնը կը լսէին,
բայց ոեւէ մէկը չէին տեսներ: Սօղոս երբ գետնէն բարձրացաւ, փորձեց իր շուրջը նայիլ, բայց ոեւէ բան չէր
տեսներ: Ուստի իր ձեռքէն բռնելով՝ Դամասկոս մտցուցին, ուր երեք օր կոյր վիճակի մէջ սպասեց, եւ այդ
օրերուն ո՛չ կերաւ եւ ո՛չ խմեց: Դամասկոսի մէջ կար Տիրոջ հետեւորդ մը, որ Անանիա կը կոչուէր: Ասիկա
տեսիլք մը ունեցաւ, որուն մէջ Տէրը իրեն ըսաւ.– Անանիա՛:– Այո՛, Տէ՛ր,- պատասխանեց ան: Եւ Տէրը ըսաւ
իրեն – Ոտքի՛ ել, գնա՛ Ուղիղ կոչուած փողոցը, Յուդայի տունը, եւ հարցուր Սօղոս անունով Տարսոնցիի մը
մասին, որ այս պահուն աղօթքի կանգնած է: Անիկա տեսիլքի մը մէջ տեսաւ Անանիա անունով մէկը, որ ներս
մտնելով՝ ձեռքերը դրաւ իր գլխուն, որպէսզի ինք վերստին տեսնէ:–Տէ՛ր,- պատասխանեց Անանիա,- շատերէն
լսեցի այդ մարդուն մասին եւ Երուսաղէմի մէջ քու հաւատացեալ ժողովուրդիդ դէմ անոր գործած բազմաթիւ
չարիքներուն մասին: Եւ այստեղ եկած է աւագ քահանաներուն կողմէ լիազօրուած, ձերբակալելու համար
բոլոր անոնք՝ որոնք քեզ կը պաշտեն: Տէրը ըսաւ անոր.– Դուն գնա՛, որովհետեւ ես զայն իբրեւ գործիք
ընտրեր եմ, որպէսզի իմ անունս ճանչցնէ հեթանոսներուն, թագաւորներու եւ Իսրայէլի զաւակներուն: Ես
ինքս իրեն ցոյց պիտի տամ, թէ ո՛րքան չարչարանք պիտի կրէ իմ անունիս համար: Անանիա գնաց, մտաւ
տունը եւ ձեռքերը դնելով, Սօղոսի գլխուն ըսաւ.– Սօղո՛ս եղբայր, զիս Տէրը ղրկեց. այն Յիսուսը՝ որ եկած
ճամբուդ վրայ քեզի երեւցաւ: Զիս ղրկեց՝ որպէսզի տեսնես եւ Սուրբ Հոգիով լեցուիս: Անմիջապէս Սօղոսի
աչքերէն կարծես կեղեւանքներ ինկան, եւ սկսաւ տեսնել: Ելաւ մկրտուեցաւ, եւ ապա կերակուր ուտելով՝
զօրացաւ:

Յետագային Սօղոսը յայտնի դարձաւ Պօղոս անունով և դարձաւ Յիսուսի տասներեքերորդ առաքեալը:
Պօղոս յայտնի է նաև հեթանոսների առաքեալ անունով, որովհետև աւետարանը քարոզեց հեթանոս
ժողովուրդներին:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us