Արդ Եգիպտոսի վրայ նոր թագաւոր մը ելաւ, որ Յովսէփը չէր ճանչնար։ Եգիպտոսի թագաւորը խօսեցաւ Եբրայեցիներու մանկաբարձներուն, որոնցմէ մէկուն անունը՝ Սեփրա ու միւսին անունը՝ Փուա էր Ոը ըսաւ. «Եբրայեցի կիներուն տղաքը առած ատեննիդ՝ նստարաններուն վրայ պէտք է նայիք, եթէ տղայ է՝ պէտք է մեռցնէք զանիկա եւ եթէ աղջիկ է՝ թող ողջ մնայ»։
Ղեւիի տունէն մէկը գնաց ու Ղեւիի մէկ աղջիկը կին առաւ։ Կինը յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։ Անոր գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ երեք ամիս պահեց զանիկա։ Երբ ա՛լ չէր կրնար պահել զանիկա, եղէգեայ զամբիւղ մը առաւ անոր համար եւ կուպրով ու ձիւթով ծեփեց եւ տղան մէջը դրաւ ու գետին եզերքը եղած շամբին մէջ ձգեց։ Տղուն քոյրը հեռուն կայնեցաւ, որպէս զի տեսնէ թէ ի՞նչ պիտի պատահի անոր։
Երբ Փարաւոնին աղջիկը գետը իջաւ լուացուելու՝ անոր աղախինները գետին եզերքը կը պտըտէին։ Երբ շամբին մէջտեղը տապանակը տեսաւ, իր աղախինը ղրկեց, որ բերաւ զանիկա։ Երբ բացաւ՝ տղան տեսաւ։ Տղան կու լար։ Խղճաց անոր վրայ ու ըսաւ. «Ասիկա Եբրայեցիներու տղաքներէն է»։ Այն ատեն տղուն քոյրը ըսաւ Փարաւոնին աղջկան. «Երթամ ու քեզի Եբրայեցիներէն ծիծ տուող կին մը կանչե՞մ, որ տղան սնուցանէ քեզի համար»։ Փարաւոնին աղջիկը ըսաւ անոր. «Գնա՛»։ Աղջիկը գնաց ու իր մայրը կանչեց։ Փարաւոնին աղջիկը ըսաւ կնոջ. «Ա՛ռ այս տղան՝ սնուցանէ ինծի համար. ես քու վարձքդ կու տամ»։ Կինը առաւ տղան ու սնուցանեց զանիկա։ Երբ տղան մեծցաւ, Փարաւոնին աղջիկը բերաւ զանիկա, որը իրեն որդի ըրաւ եւ անոր անունը Մովսէս դրաւ ու ըսաւ. «Քանզի ջուրէն հանեցի զանիկա»։