Հին Կտակարան.001

Երբ Մովսէս մեծցաւ, իր եղբայրներուն գնաց ու անոնց ծանր գործերուն նայեցաւ։ Օր մը տեսաւ Եգիպտացի մը, որ իր Եբրայեցի եղբայրներէն մէկը կը ծեծէր։ Անդին ասդին նայելով տեսաւ որ մէ՛կը չկայ, մեռցուց Եգիպտացին ու աւազին մէջ թաղեց զանիկա։ Հետեւեալ օրը գնաց եւ ահա երկու Եբրայեցի մարդիկ կը կռուէին իրարու հետ։ Ըսաւ անոր, որ իրաւունք չունէր. «Ինչո՞ւ քու ընկերիդ կը զարնես»։ Անիկա ըսաւ. «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան ու դատաւոր դրաւ. զի՞ս ալ մեռցելու միտք ունիս, ինչպէս Եգիպտացին մեռցուցիր»։ Մովսէս վախցաւ ու ըսաւ. «Անշուշտ այս բանը իմացուած է»։

 

Երբ Փարաւոն լսեց այս բանը, Մովսէսը մեռցել ուզեց, բայց Մովսէս Փարաւոնին երեսէն փախաւ ու Մադիամի երկիրը գնաց եւ հորի մը քով նստաւ։ Մադիամի քուրմը եօթը աղջիկ ունէր։ Անոնք եկան եւ ջուր քաշեցին ու իրենց հօրը հօտին խմցնելու համար աւազանները լեցուցին։ Հովիւներ եկան ու վռնտեցին զանոնք. Մովսէս ելաւ ու օգնեց աղջիկներուն եւ անոնց հօտին ջուր խմցուց։ Երբ աղջիկները իրենց հօրը Ռագուէլին գացին, հայրը ըսաւ. «Ի՞նչ պատճառով այսօր շուտ եկաք»։ Անոնք ըսին. «Եգիպտացի մը մեզ հովիւներուն ձեռքէն ազատեց ու մեզի ալ շատ ջուր քաշեց ու հօտին խմցուց»։ Ան ալ ըսաւ իր աղջիկներուն. «Ո՞ւր է անիկա. ինչո՞ւ այն մարդը այդպէս թողուցիք. կանչեցէ՛ք զանիկա, որպէս զի հաց ուտէ»։ Մովսէս հաճեցաւ այն մարդուն հետ բնակիլ ու անիկա իր Սեպփօրա աղջիկը Մովսէսին կնութեան տուաւ։ Եւ կինը որդի մը ծնաւ եւ անիկա անոր անունը Գերսամ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Պանդուխտ եղայ օտար երկրին մէջ»։

 

Մովսէս Մադիամի քուրմին՝ իր աներոջ՝ հօտը կ՚արածէր։ Հօտը անապատին ետին քշելով Աստուծոյ լեռը, Քորեբ, հասաւ։  Եւ Տիրոջը հրեշտակը կրակի բոցով մորենիին մէջէն երեւցաւ անոր։ Անիկա տեսաւ որ ահա մորենին կրակով կը վառէր, բայց մորենին չէր սպառեր։ Մովսէս ըսաւ. «Հիմա երթամ ու այս մեծ տեսարանը տեսնեմ՝ թէ ինչո՞ւ համար մորենին չայրիր»։ Տէրը տեսաւ, որ անիկա տեսնելու եկաւ, Աստուած մորենիին մէջէն կանչեց անոր ու ըսաւ. «Մովսէ՛ս, Մովսէ՛ս» եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ Աստուած ըսաւ. «Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ քու ոտքերէդ, վասնզի այն տեղը՝ որուն վրայ կայներ ես, սուրբ երկիր է»։ Նաեւ ըսաւ անոր. «Ես եմ քու հօրդ Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը»։ Մովսէս իր երեսը ծածկեց, վասնզի Աստուծոյ նայելու վախցաւ։

 

Տէրը ըսաւ. «Արդարեւ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասնզի անոնց նեղութիւնները գիտեմ Եւ զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու եւ զանոնք այն երկրէն աղէկ ու լայնարձակ երկիր մը, կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը, Քանանացիներու եւ Քետացիներու եւ Ամօրհացիներու եւ Փերեզացիներու եւ Խեւացիներու ու Յեբուսացիներու տեղը, տանելու եկայ։ Հիմա Իսրայէլի որդիներուն աղաղակը ինծի հասաւ ու Եգիպտացիներուն անոնց ըրած հարստահարութիւնն ալ տեսայ։ Ուստի եկո՛ւր, քեզ Փարաւոնին ղրկեմ, որ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ Եգիպտոսէն հանես»։ Եւ Մովսէս ըսաւ Աստուծոյ. «Ես ո՞վ եմ, որ Փարաւոնին երթամ ու Իսրայէլին որդիները Եգիպտոսէն հանեմ»։ Աստուած ըսաւ. «Անշուշտ ես քեզի հե՛տ պիտի ըլլամ եւ այս ըլլայ քեզի նշան՝ որ ես քեզ ղրկեր եմ. երբ ժողովուրդը Եգիպտոսէն հանես, այս լերանը վրայ պիտի պաշտէք Աստուած»։

 

Մովսէս ըսաւ Աստուծոյ. «Երբ ես երթամ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսեմ անոնց՝ ‘Ձեր հայրերուն Աստուածը զիս ձեզի ղրկեց’ եւ երբ ըսեն ինծի թէ՝ ‘Ի՞նչ է անոր անունը’, ի՞նչ ըսեմ անոնց»։ Աստուած ըսաւ Մովսէսին. «Ես եմ ՈՐ ԷՆ»։

 

Մովսէս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Բայց անոնք ինծի պիտի չհաւատան, ոչ ալ իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն. քանզի պիտի ըսեն թէ՝ ‘Տէրը քեզի չերեւցաւ’»։ Եւ Տէրը ըսաւ անոր. «Այդ քու ձեռքինդ ի՞նչ է»։ Անիկա ըսաւ. «Գաւազան»։ Աստուած ըսաւ. «Գետինը ձգէ զայն»։ Անիկա գետինը ձգեց ու օձ եղաւ։ Մովսէս անոր առջեւէն փախաւ։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ երկնցուր ու պոչէն բռնէ»։ Անիկա իր ձեռքը երկնցուց ու զանիկա բռնեց եւ գաւազան եղաւ իր ձեռքին մէջ։

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us