Հին Կտակարան.001

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ

«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

 

Մովսէս ու Ահարոն, Փարաւոնին գացին ու ըսին. «Իսրայէլի Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Իմ ժողովուրդիս թուլատրէ, որպէս զի անապատին մէջ ինծի տօնախմբութիւն ընեն’»։  Եւ Փարաւոն ըսաւ. «Իսրայէլի Աստուածը ո՞վ է, որ անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ Իսրայէլին թուլատրեմ։ Եհովան չեմ ճանչնար եւ Իսրայէլին ալ չեմ թուլատրեր»։  Անոնք ըսին. «Եբրայեցիներուն Աստուածը մեզի հանդիպեցաւ։ Հրաման տուր, որ երեք օրուան ճամբայ երթանք անապատին մէջ ու մեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանենք, որ չըլլայ թէ ժանտախտով կամ սրով մեզի դէմ ելլէ»։ Եգիպտոսի թագաւորն ըսաւ անոնց. «Ո՛վ Մովսէս ու Ահարոն, ինչո՞ւ ժողովուրդը իրենց գործերէն ետ կը թողուք. գացէ՛ք, աշխատեցէք»։ Փարաւոն ըսաւ. «Ահա հիմա երկրին ժողովուրդը շատ է ու դուք կը դադրեցնէք զանոնք գործելէ»:

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Երբ Փարաւոն ձեզի խօսի ու ըսէ՝ ‘Ձեզի համար հրաշք ցուցուցէք’, այն ատեն Ահարոնին ըսէ՝ ‘Գաւազանդ ա՛ռ ու Փարաւոնին առջեւ նետէ՛’։ Անիկա վիշապ պիտի ըլլայ»։ Մովսէս ու Ահարոն գացին Փարաւոնին ու Տիրոջը պատուիրածին պէս ըրին։ Ահարոն իր գաւազանը նետեց Փարաւոնին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ եւ վիշապ եղաւ։ Եւ Փարաւոն իր իմաստուններն ու կախարդները կանչեց։ Եգիպտոսի մոգերը՝ անոնք ալ իրենց կախարդութիւններովը նոյնպէս ըրին։ Ամէն մէկը իր գաւազանը նետեց ու անոնք վիշապներ եղան. բայց Ահարոնին գաւազանը անոնց գաւազանները կլլեց։ Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը ըսեր էր: Այնուհետև տասը հարուածներ՝ իբրև պատիժ հասան եգիպտացիներուն:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us