ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ

«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

 

Յիսուսի Գալիլեա հասնելուն երրորդ օրը հարսանիք մը կար Կանա քաղաքին մէջ, եւ Յիսուսի մայրը հոն էր: Յիսուս եւ իր աշակերտներն ալ հրաւիրուած էին հարսանիքին: Երբ գինին պակսեցաւ, Յիսուսի մայրը իրեն ըսաւ.– Գինի չունին:– Մա՜յր, մեզի ի՛նչ,- պատասխանեց Յիսուս,- իմ ժամանակս տակաւին չէ՛ հասած: Սակայն իր մայրը ըսաւ սպասաւորներուն.

  • Ինչ որ ըսէ ձեզի, կատարեցէ՛ք:

Հրեաներու ծիսական մաքրութեան սովորութեան համաձայն, հոն քարէ վեց կարասներ կային, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ութսունէն հարիւր լիթր կ’առնէր: Յիսուս ըսաւ սպասաւորներուն.

  • Կարասները ջուրով լեցուցէք:

Եւ սպասաւորները լեցուցին մինչեւ բերան: Յետոյ ըսաւ անոնց.– Հիմա առէք եւ սեղանապետին տարէք: Անոնք ալ տարին: Սեղանապետը համտեսեց գինիի փոխուած ջուրը, բայց չգիտցաւ թէ ուրկէ էր. թէեւ սպասաւորները, որոնք ջուրը լեցուցած էին, գիտէին: Այն ատեն սեղանապետը փեսային ըսաւ.

  • Ամէն մարդ նախ ընտիր գինին կը հրամցնէ, իսկ երբ գինովնան՝ այն ատեն հասարակը, մինչ դուն ընտիր գինին պահեր ես մինչեւ հիմա:

Յիսուս իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլեայի Կանա քաղաքին մէջ: Հոն ան իր փառքը յայտնեց, եւ աշակերտները հաւատացին իրեն: Այս դէպքէն ետք՝ Յիսուս իր մօրը, եղբայրներուն եւ աշակերտներուն հետ Կափառնաում գնաց եւ քանի մը օր հոն մնաց:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us