Youth Seminar 2016

Horizon 4«Վանքը ձեր տո՜ւնն է»

Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջակայքը արդէն իսկ իր հրապուրիչ տեսարանով գրաւած էր մեզ։ Վանքի շուրջ կայացած Եղեռնայիշատակ շինարարութիւնները նոր կերպար մը տուած էին անոր։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը ահա կը գտնուէր մեր դիմաց, այն վայրը ուր ծառայութեան պատրաստած է մեր միաբան հայրերը եւ սնուցած հայ ազգի զաւակներուն հոգիները։

Եօթը երկիրներէ Լիբանան ժամանած 12 երիտասարդներով հասած էինք Պիքֆայա, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու, որմէ ետք պիտի սկսէր մեր միջ-թեմական երիտասարդական եռօրեայ համագումարը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լսատեսողական եւ Երիտասարդական բաժանմունքներուն կազմակերպութեամբ՝ 14-16 Յուլիս 2016-ին։ Գանատայի Հայոց Թեմը կը ներկայացնէին՝ Տարօն Հալլաճեանն ու Նորա Զոպեանը։

– «Վանքը ձեր տո՜ւնն է»

Արդէն իսկ առաջին հանդիպումէն, Վեհափառ Հայրապետի այս բառերը հնչեցին երիտասարդներուն ականջներուն։ Եւ իսկապէս, երեք օրերու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքը եղաւ մեզի հարազատ ու մտերմիկ տուն։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ գաղութներէն ներս երիտասարդին դերակատարութեան ու մասնակցութեան կարեւորութեան դերին մասին՝ թէ ազգային եւ թէ եկեղեցական բնագաւարներէն եւ կեանքէն ներս։

Մայրավանքին մէջ առաջին նիստը սկիզբ առաւ Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի գործունէութեան ներկայացումով, Բաժանմունքի անդամ՝ պրն. Ռազմիկ Միքայէլեանի կողմէ, որուն յաջորդեցին թեմերու զեկոյցներն ու քննարկումները։ Երկու օրերու ընթացքին, զեկուցեցին՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան, Գանատայի, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ու Քաթարի, Քուէյթի, Պարսկաստանի, Կիպրոսի եւ Լիբանանի թեմերու ներկայացուցիչները։ Արծարծուեցաւ «Երիտասարդին իրավիճակը Սփիւռքի տարածքին» նիւթը, անդրադառնալով անոր ազգային եւ եկեղեցական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ «Հայ քրիստոնեայ երիտասարդին մարտահրաւէրները», նիւթը, անդրադառնալով երիտասարդին հոգեւոր սնունդը յագեցնելու զանազան խոչընդոտներուն։

Օրուան ընթացքին, Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան համագումարին մասնակցող երիտասարդներուն ներկայացուց «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծագումը» նիւթը, Թաթէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու Հայաստան ժամանումէն, հասնելով մինչեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաստատումը Լիբանանի մէջ ու անոր ներկայ գործունէութիւնը Սփիւռքի տարածքին։ Անոր յաջորդեց «Կիլիկիա» Թանգարանի այցելութիւնը. մօտէն ծանօթացանք եւ տեսանք Սիսի Կաթողիկոսարանէն փրկուած  անգին գանձերը, որոնք բերուած էին 1915-ին ցեղասպանութենէն վերապրած մեր պապերուն ձեռամբ։

Երեկոն շարունակուեցաւ Հայ Երիտասարդական Համալսարանական Ուսանողական Միութեան (ՀԵՀՈՄ-ի) հետ մտերմիկ հաւաքով մը։ Ծանօթացանք միութեան գործունէութեան եւ անդամներուն, որոնք կը գործեն Կաթողիկոսարանի հովանիին ներքեւ։

Երկրորդ օրը, ներկայացուեցաւ «Հայ ժողովրդի արդար պայքարի պաշտպան՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի հետապնդած դատը Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ»։ Փրոֆ. Նորա Պայրագտարեան, Դատի յանձնախումբի անդամ, ներկայացուց Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող դատին իրաւաբանական աշխատանքները, իսկ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական ու Լրատուական բաժանմունքներու Վարիչ՝ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Լսատեսողական Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, ներկայացուցին իրենց փորձառութիւնը պապենական Սիս այցելութեան ընթացքին։

Նոյն օրը, շարունակուեցան Թեմերու զեկոյցները, որմէ ետք ծանօթացանք Կաթողիկոսարանի կայքէջին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ անոր տարած աշխատանքին ու դերակատարութեան: Զեկոյցը ներկայացուցին՝ Տեարք Նժդեհ Մկրտիչեան եւ Սեւակ Սաղպազարեան։
Յետմիջօրէին, այցելեցինք «Թռչնոց Բոյն» ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերուն նուիրած «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանը, ուր Թանգարանի պատասխանատու՝ Հոգշ. Տ. Պսակ Աբղ.  Թէփիրճեան մեզի փոխանցեց թանգարանի պատմականը, ներկաներուն փոխադրելով վերապրող հայ ժողովուրդի զաւակներուն առօրեայէն դրուագներ պատմելով՝ որբերուն երկար տարիներ տուն դարձած հաստատութեան մասին։ Կարդացինք  վերապրող որբերուն անունները … Ինչե՜ր չէին տեսած այդ մանուկներուն աչքերը։ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»-ը ահա կ՚ապրէինք, «Թռչնոց Բոյնի»-ն պատերէն ներս երբ մանուկներուն պատմութինները կը պատմուէին մեզի, հասնելով մինչեւ «Մամային Պարտէզը», որ Մարիա Ճէյքըպսընի օրերէն, նոյն ձեւով կը պահպանուէր բծախնդրութեամբ ու հոգատարութեամբ։ Այդ պարտէզը, որուն մէջ մեր մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն դառն ու անոյշ յիշատակները կ՚ընդգրկէր, ահա այսօր կ՚ողջունէր ժառանգորդ սերունդի թոռները։
Շրջանի պատմական վայրերը այցելելէ ետք, «Թռչնոց Բոյն»ի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ընթրիք եւ ընկերային հաւաք։

Համագումարի վերջին օրը յատկացուած էր «Ընկերային Ցանցերը Եւ Հայ Երիտասարդութիւնը» թեմային։ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ժամանած ներկայացուցիչներու կողքին, ներկայ էին նաեւ լիբանանահայ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչները։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ այժմէական այս նիւթի կարեւորութեան մասին, ըսելով թէ. «Համացանցի հարցը կը նկատեմ մեր ժողովուրդին ամէնէն հրատապ հարցերէն մէկը, որովհետեւ այս մշակոյթը ուղղակիօրէն կ՚առնչուի հայ ժողովուրդի ինքնութեան, մարդակերտումի եւ հայակերտումի մեր աշխատանքներուն հետ եւ բոլոր մարզերէն ներս կը տեսնենք այս մշակոյթին անդրադարձը: Հայ եկեղեցին ոչ միայն հոգեւոր կեանքի կռուան է, այլեւ հայկական ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն դերակատարներէն մէկն է, հետեւաբար, մեր Կաթողիկոսութիւնը հսկայ աշխատանք տարած է ու պիտի շարունակէ տանիլ ներկայ արհեստագիտութեան հարթակներուն վրայ՝ քայլ պահելով այսօրուան պահանջներուն հետ»:

Օրուան ընթացքին, տեղի ունեցան զանազան զեկոյցներ մասնագէտներու կողմէ եւ աշխատանոցներ ինչպէս՝ Տիկ. Շաղիկ Խուտավերտեանի եւ Տիկ. Թամար Հաշէօլեանի կողմէ ներկայացուած «Ընկերային ցանցերը եւ դաստիարակութիւնը», Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի «Ընկերային ցանցերը եւ ինքնութիւնը», Տիկ. Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեանի՝ «Branding – Գրաւիչ Ներկայութիւն», Օրդ. Արազ Գոճայեանի՝ «Content Creation – Բովանդակութեան Պատրաստութիւն», պրն. Արամ Սոմունճեանի՝ «The Usage of Photography – Լուսանկարներու Գործածութիւնը», եւ  Տեարք Հրակ Աւետանեան ու Շիրազ Ճէրէճեանի «Ընկերային ցանցերը Եւ Հայ Դատ» նիւթերը: Երիտասարդներով, առիթ ունեցանք արծարծելու ընկերային ցանցերու ամէնուրէք ներկայութեանը մասին, որոնց թէ դրական եւ երբեմն ժխտական ազդեցութիւնները զգալի են մեր բոլորին առօրեայէն ներս եւ մանաւանդ երիտասարդներուն մօտ։ Քննարկումներով եւ հարց-պատասխաններով, կարելի եղաւ անդրադառնալ ընկերային ցանցերու գործածելու ձեւին, անոր իմաստին ու հետեւանքներուն մասին։

Շաբաթ երեկոյեան, համագումարը պաշտօնապէս հասաւ իր աւարտին։ Համագումար մը, որ իր ամբողջութեամբը մեզի առիթ տուաւ զարգացնելու մեր գիտելիքները, խորհելու եւ միասնաբար քննարկելու երիտասարդութեան հետ առնչութիւն ունեցող հարցերուն, եւ ընկերային ջերմ ապրումներով վերադառնալու մեր թեմերը։ Անմոռանալի նախաձեռնութիւն մը, որ իր իւրայատկութիւնը ունեցաւ յատկապէս մեր յարգելի Հուեւոր Հայրերու ներդրումով եւ առաջնորդութեամբ։ Կիրակի առաւօտեան Մայրավանքի զանգակատան ղօղանջը իր խորհրդաւոր կանչով կը հնչէր մեր սրտերուն մէջ …մինչեւ յաջորդ հանդիպում։

Մասնակից՝
Նորա Զոպեան
Գանատայի Հայոց Թեմէն

Horizon 7 Horizon 6 Horizon 5 Horizon 3 Horizon 2 Horizon 1



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us